ԵՐԵՒԱՆ.- 20 Փետրուար 20ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը՝ ընդլայնուած կազմով:
Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով, ապա կաթողիկոսը իր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը ուղղեց Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներուն:
Օրակարգին ընդգրկուած են համազգային եւ ներեկեղեցական շարք մը հարցեր: Մասնաւորաբար, պիտի քննարկուին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան առնչուող հարցեր, Հայ եկեղեցւոյ կառավարման արդիւնաւէտութեան, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100րդ տարեդարձի տօնախմբման եւ երիտասարդներու մէջ քարոզչական առաքելութեան զօրացման մասին նիւթեր: Քառօրեայ ժողովին պիտի ներկայացուի նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի ու թեմերու 2017ի գործունէութեան տեղեկագիրը: