ՊՈԼԻՍ, ԱՆԳԱՐԱ, «Մարմարա», «Ռոյթըրզ».- Սոֆիայի մէջ Փետրուար 19ին կայացաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը, որ օրակարգի բերաւ Թուրքիոյ կողմէ Աֆրինի մէջ կատարուող ռազմական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ քննարկեց Եւրոմիութեան ու Թուրքիոյ միջեւ այցագիրները ջնջելու հարցը։
«Աքշամ» թերթին համաձայն՝ Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարած է, որ Աֆրինի գործողութեան գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլար «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարը, սակայն, դժբախտաբար, իրականութիւնը տարբե՛ր է։
Աֆրինի գործողութեան մասին արտայայտուած արտաքին գործոց նախարարները մտահոգութիւն յայտնեցին Աֆրինի մէջ քաղաքայիններու սպանութեանց գծով՝ կոչ ընելով Թուրքիոյ, որ դադրեցնէ Սուրիոյ մէջ ռազմական ինքնագլուխ գործողութիւնները եւ ազդարարելով, որ այլապէս Եւրոմիութեան ու Թուրքիոյ միջեւ այցագիրները ջնջելու համաձայնութիւնը կրնայ չիրականանալ։
Քննադատութիւններուն պատասխանելով՝ Եւրոմիութեան հարցերով թուրք նախարար Էօմեր Չելիք դատապարտեց Եւրոմիութեան պաշտօնեաներուն յայտարարութիւնները եւ նշեց, որ այս ռազմական գործողութիւններով Թուրքիան կը փորձէ կանխել իր սահմաններուն վրայ ստեղծուելիք ահաբեկչական միջանցքը։
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Փետրուար 20ին յայտարարեց, որ «յառաջիկայ քանի մը օրերուն», թրքական ուժերը ամբողջական շրջափակման տակ պիտի առնեն Աֆրին քաղաքը։
Նշենք, որ Փետրուար 19ին, սուրիական բանակի միաւորներուն Աֆրին մուտքը խանգարելու փորձ կատարուած է թրքական ուժերուն կողմէ, երբ Թուրքիա հրթիռակոծած է Աֆրինի Պասութա եւ Աշրաֆիէ շրջանները, կը գրէ «Գանձասար»։ Թրքական ռմբակոծումներուն իբրեւ հետեւանք զոհուած է երեխայ մը եւ վիրաւորուած են այլ քաղաքայիններ։
Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտնեց, թէ սուրիական բանակին Աֆրին մուտքը ողջունելի պիտի ըլլար, եթէ անիկա ծառայէր քրտական ժողովրդային ինքնապաշտպանական ուժերու «վերացումին», սակայն եթէ բանակը պիտի պաշտպանէ քիւրտերը, ապա թրքական ռւժերուն յառաջխաղացքը «ո՛չ ոք պիտի կարենայ կասեցնել»:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյցով մը Էրտողանի հետ քննած է Սուրիոյ իրավիճակը: