ԵՐԵՒԱՆ.- 27 խումբի մէջ ընդգրկուած հայաստանցի 90 գիտնականներ դրամաշնորհներ ստացան Հայ օգնութեան ֆոնտէն (ՀՕՖ)՝ կենսաբանութեան, բնագիտութեան, կենսաքիմիայի, աստղագիտութեան, տնտեսագիտութեան, հայագիտութեան եւ այլ ոլորտներէ ներս գիտական հետազօտութիւններ իրականացնելու համար:
2000էն ի վեր ՀՕՖի հովանիին տակ գործող Գիտութեան եւ կրթութեան հայկական ազգային հիմնադրամին (ԳԿՀԱՀ-ANSEF) միջոցով տրուող դրամաշնորհներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ:
Մրցոյթին, որ կ՛իրականացուի 2001էն ի վեր, այս տարի ներկայացուած 250 գիտական յայտերէն ԳԿՀԱՀ՝ Միացեալ Նահանգներու մոջ գործող փորձագիտական յանձնախումբը ընտրեց 27ն: Գիտական խումբերու ղեկավարներէն 13ը մինչեւ 35 տարեկան երիտասարդներ են, 14ը՝ կանայք: Դրամաշնորհի գումարը 5000 տոլարի համարժէք դրամ է:
ԳԿՀԱՀի դրամաշնորհներով կատարուելիք այս տարուան հետազօտութիւնները կ՛ընդգրկեն գիտութեան գրեթէ բոլոր ոլորտները: