ՊՈԼԻՍ.- Ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը կը գրէ, թէ Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Անալենա Պայէրպոք կոչ ուղղած է Աֆրինի մէջ թրքական զինեալ ուժերուն կողմէ շարունակուող զինուորական գործողութեան հարցով ՆԱԹՕի արտակարգ նիստ մը հրաւիրելու՝ շեշտելով, որ ՆԱԹՕի ղեկավարութիւնը պէտք է պահանջէ թուրք զինուորներուն Աֆրինէն անյապաղ հեռացումը: Պայէրպոք ընդգծած է, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ընթացքին թրքական բանակը կը ճակատի Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցութիւն ստացող ուժերու հետ, ինչ որ ՆԱԹՕի համաձայնագիրին յստակ խախտում է:
Աւելի կանուխ, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք, Թուրքիոյ կոչ ուղղած էր անյապաղ դադրեցնելու Աֆրին շրջանին մէջ շարունակուող զինուորական գործողութիւնը: «Որքա՛ն աւելնան զինեալ բախումները, այդքա՛ն կը նուազի օգնութեան կարիք ունեցող մարդոց հասնելու կարելիութիւնը: Աֆրինի կամ արեւելեան Ղութայի մէջ զինուորական այդ գործողութիւններուն պատճառով մարդիկ կը շարունակեն լքել իրենց տուները, եւ ամէն անցնող օր իրեն հետ նոր ցաւ կը բերէ», ըսած է ան: