Գերմանիոյ Նիւրենպերկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Պիոֆախ 2018» օրկանական սննդամթերքի ցուցահանդէսի ծիրին մէջ հայկական «Սարի Թէյ» եւ «Անթառամ» ընկերութիւնները գերմանական TeeGschwendner-ի հետ համաձայնագիր կնքած են բուսական թէյի արտածման վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնեն «Ակբա-Կրեդիտ Ագրիկոլ» դրամատունէն:
«Հայաստանեան երկու կազմակերպութիւններու մասին իմացած ենք NABU-ի եւ «Ակբա-Կրեդիտ Ագրիկոլ» դրամատան կողմէ իրականացուող Օրգանական գիւղատնտեսութեան ծրագիրին միջոցով: Կը կարծեմ, որ նախագիծը շատ լաւ հնարաւորութիւններ եւ հեռանկար ստեղծած է թէ՛ Հայաստանի մէջ օրկանական թէյ արտադրողներուն, թէ՛ մեզի համար: Այսօր երկու կազմակերպութիւններուն հետ ստորագրեցինք արտահանման վերաբերեալ համաձայնագիր, բայց պիտի չսահմանափակուինք միայն մեր գործընկերներէն թէյ գնելով. մենք աւելի լայն համագործակցութիւն կը նախատեսենք:
Առաջին հերթին մեր նոր գործընկերներուն պիտի ծանօթացնենք եւրոպական շուկայի չափանիշները եւ առանձնայատկութիւնները, անոնց աշխատակիցներուն համար նաեւ տեղի պիտի ունենան դասընթացքներ: Ասիկա TeeGschwendner-ի կողմէ տարածաշրջանին մէջ իրականացուող առաջին ծրագիրն է, եւ կրնամ ըսել, որ մենք Հայաստանի մէջ գտանք այն, ինչը կը փնտռէինք», իր խօսքին մէջ նշեց TeeGschwendner ընկերութեան պատասխանատու Լուքաշ Փարոփի: