ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանէն ստացած ենք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտնել, թէ Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վաժարանը դարձեալ վերավարկաւորուած է 6 տարիով՝ Դպրոցներու եւ համալսարաններու արեւմտեան ընկերակցութեան (WASC) եւ Քրիստոնէական դպրոցներու միջազգային ընկերակցութեան (ACSI) կողմէ:
Որքա՛ն մեծ հպարտանք է վայելել այս օրհնութիւնը՝ արդարացնելով դպրոցիս հայեցի դաստիարակութիւնը եւ ուսումնական մակարդակը։ Մեր վարժարանին մէջ բարելաւումը ակներեւ է՝ օգուտ դառնալով մեր մատղաշ սերունդին, ջանալով կերտել ապագայի փայլուն առաջնորդներ:
Սրտագին կը շնորհաւորենք վարժարանիս տնօրէնութիւնը, հոգաբարձութիւնը եւ բոլոր յարակից մարմինները, որոնք ջանք չեն խնայեր ծառայելու դպրոցիս ուսումնական եւ տնտեսական աշխատանքներուն՝ միշտ ձգտելով հասնելու լաւագոյն արդիւնքներու»:
Շնորհաւորութիւններ այս յաջողութեան առթիւ: Դէպի առաջ: