ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 1 Մարտին, Հայաստանի կառավարութիւնը, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի առաջարկով, որոշեց մուտքի արտօնագիրի (վիզա) վճարումէ զերծ պահել 19էն 29 Յուլիս, Երեւանի մէջ կայանալիք ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով Երեւան ժամանող օտարերկրեայ քաղաքացիները:
Սփիւռքի նախարարը մինչեւ 10 Յուլիս, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ոստիկանութեան պէտք է ներկայացնէ Հայաստան ժամանող օտարերկրեայ քաղաքացիներու ցուցակները: