Երուսաղէմի մեծագոյն քրիստոնէական դաւանանքները Չորեքշաբթի, 28 Փետրուարի առաւօտեան վերաբացին Ս. Յարութիւն տաճարի դռները՝ վերջ դնելով եռօրեայ բողոքի ցոյցին, որ ուղղուած էր քաղաքապետարանին՝ եկեղեցիներէն հարկեր գանձելու որոշումին դէմ:
Այս բողոքը յառաջացած էր, երբ Երուսաղէմի իշխանութիւնները հարկերու սահմանումին շուրջ բանակցութիւններ սկսելու պատրաստակամութիւն յայտնած էին:
Իսրայէլ համաձայնեցաւ զիջում կատարել նաեւ այլ վիճայարոյց հարցի մը՝ սառեցնել հողերու սեփականացման մասին օրինագիծը: