ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգ. առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, Մարտ 15ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ դասախօսական երեկոյ՝ «Հայ Եկեղեցին Երէկ եւ Այսօր» նիւթով: Պիտի դասախօսէ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան:
Մուտքը ազատ է: Տեղի պիտի ունենայ գեղարուեստական յայտագիր եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: