ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունեց ԹՈՒՄՕ կեդրոնի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին ֆրանսական Փօլ Պոքուզ խոհարարական դպրոցի գործադիր փոխնախագահ Հերվէ Ֆլէօրի, ֆրանսահայ բարերար Րաֆֆի Տէրէրեան եւ այլք:
Պատուիրակութեան անդամները վարչապետ Կարապետեանին ներկայացուցին Գիւմրիի մէջ խոհարարական դպրոց հիմնելու նախաձեռնութիւնն ու ծրագրերը, ուր պիտի ներդրուի Փօլ Պոքուզ դպրոցի փորձն ու հնարաւորութիւնները:
Ծանօթանալով նախաձեռնութեան մանրամասնութիւններուն, Կարէն Կարապետեան ողջունեց ծրագիրի իրականացումը:
«Համոզուած եմ, որ այն լինելու է յաջողուած, մտածելակերպ փոխող եւ անհրաժեշտ Գիւմրիի համար», ընդգծեց վարչապետը: