Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– Յովհաննիսեան Մերի, «Ուրացման Քաղաքականութեան Արմատները, Նորօրեայ Դրսեւորումները Եւ Նրանց Հետեւանքները», խմբագիր՝ Հայկազուն Ալվրցեան, հրատարակութիւն Արեւմտահայութեան հարցերի ուսումնասիրման կենտրոնի, «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 168 էջ (Հայոց Ցեղասպանոթեան թրքական ուրացման համակողմանի ուսումնասիրութիւնը):
– Շառոյեան Լեւոն, «Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը՝ Սիմոն Սիմոնեան», հայերէնէ թարգմանեց Վահէ Հ. Աբէլեան, հրատարակիչ՝ Հրաչ Քելսահակեան, 2017, անգլերէն: Հրատարակութիւնը հովանաւորած է «Սիմոն Սիմոնեան Հիմնադրամ»ը: Գրքոյկը կարելի է ձեռք բերել www.amazon.com կայքէն:
– Պապայեան Ներսէս Ա. քահանայ, «Այնթապ 1915-1922», ներածութիւնը՝ պատմաբան Ումիթ Քուրթի, հրատարակիչներ՝ Ումիթ Քուրթ եւ պատմութեան հիմնադրամի «Եուրթ» հրատարակչատուն, Սթամպուլ, 2017 (Այնթապի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ եւ Այնթապի Հայ ազգային միութեան անդամ քահանայ հօր յուշերը), թրքերէն:
– Սմբատեան Գրիշա, «Սիւնիքը Փորձութեան Մէջ. Հայ-թաթարական Բախումները», «Սիւնիք-Վայոց Ձորի Հոգեւոր Եւ Պատմա-մշակութային Ժառանգութիւն» մատենաշար գիրք 4, խմբագիր՝ Հրանուշ Խառատեան, «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 644 էջ + 72 էջ լուսանկարներու ներդիր (17,1 x 24,8 սմ.) (Սիւնիքի մէջ 1905-1906 թուականներու հայ-թաթարական բախումներու պատմութիւնը, վաւերագիրներ, յիշատակարան, յատուկ անուններու ցանկ, հարիւրաւոր լուսանկարներ): «Գրքի հրատարակութիւնը հովանաւորել է Արմէն Յովհաննէսի Ղուկասեանը»: Գիրքը նուիրուած է հեղինակի ծնողներուն, Արցախեան ազատամարտի մասնակից եղբօր եւ Կովսականի շրջանի հանգուցեալ գիւղացիներուն:
– Տէր Եղիայեան Կարպիս, «Ձայներ Լռութեան Մէջ. Մարմինս Լացաւ, Հոգիս Լացաւ, Սիրտս Լացաւ», հրատարակութիւն «Մաշտոց» քոլեճի. Լոս Անճելոս, 2017 (հեղինակին՝ Արեւմտահայաստան, Կիլիկիա եւ Կապադովկիա ուխագնացութիւններէն 1000է աւելի գունաւոր լուսանկարներու ալպոմ), անգլերէն: