ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան Երեքշաբթի, 6 Մարտին, ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեբենեկեանը:
Վարչապետը բարձրօրէն գնահատեց հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու մակարդակը եւ կարեւոր նկատեց զանազան ոլորտներու մէջ անոնց յետագայ զարգացումը: Կառավարութեան ղեկավարը նշեց, որ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւններու կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը ապակենտրոնացած մակարդակով համագործակցութիւնն է: Այդ առումով, Կարէն Կարապետեան ողջունեց Լիոնի եւ Երեւանի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, մասնաւորապէս՝ քաղաքաշինութեան, տնտեսական համագործակցութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ:
«Յուսով եմ՝ այս օրերին առիթ ունեցել էք աւելի լաւ ծանօթանալու Հայաստանում ներդրումներ անելու առաւելութիւններին: Ֆրանսիական, այդ թւում՝ Լիոնի ընկերութիւնները, կարող են օգտուել մեր երկրում ձեւաւորուած բարենպաստ ներդրումային միջավայրից, Հայաստանի՝ ԵԱՏՄի եւ Իրանի հետ ունեցած արտօնեալ ռեժիմներից», ըսաւ վարչապետը՝ փափաք յայտնելով, որ Լիոնի առեւտուրը կը մասնակցի աշնան Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանսախօսութեան գագաթնաժողովի օրերուն կայանալիք գործարար համաժողովին: Վարչապետը վստահութիւն յայտնեց, որ Ապրիլ 19էն սկսեալ Երեւան-Լիոն ուղղիղ չուերթի գործարկումը լայն հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ զբօսաշրջութեան զարգացման աշխատանքին մէջ:
Ժորժ Քեբենեկեան, վարչապետին ներկայացնելէ ետք Երեւանի հետ համագործակցութեան ուղղութիւններն ու հնարաւորութիւնները՝ ըսաւ. «Մենք պատրաստ ենք երկու քաղաքներուն միջեւ բանալ համագործակցութեան նոր՝ առարկայական ու գործնական էջ»:
Նշենք, որ նոյն օրը, Լիոնի պատուիրակութեան անդամները այցելեցին ԹՈՒՄՕ ստեղծարար կեդրոն: