ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Մարտ 15ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Փասատինայի «Փարսընզ» ընկերութեան շէնքին մէջ (100 W. Walnut Street, Pasadena, CA 91124) տեղի պիտի ունենայ «AR» եւ «VR» արդի արհեստագիտութեանց նուիրուած քննարկում մը:
Տեսալսողական հարստացուած (AR, augmented reality) եւ արհեստական (VR, virtual reality) իրականութիւններ ստեղծող այս արհեստագիտութիւնները սկսած են յեղափոխելու մէկզմէկու եւ մեր աշխարհին հետ մեր յարաբերութիւնները։ Անոնց ստեղծելիք կարելիութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին այս քննարկումը պիտի առաջնորդէ այս մարզի մասնագէտներէն՝ Վարագ Իշխան Ղարիբջանեան։
Մուտքը ազատ է, սակայն տեղերու սահմանափակ ըլլալուն համար, կը խնդրուի տեղեր ապահովել՝ դիմելով events@aesa.org հասցէին: