ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին նուիրուած երկօրեայ գիտաժողով մը (Մայիս 5-6) կազմակերպած է՝ համագործակցութեամբ Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին (CSUN) մէջ գործող Հայագիտական բաժինին։
«Հայկական պետականութեան վերականգնում՝ իրագործումներ եւ անդրադարձներ» բնաբանով խորհրդաժողովը առիթ պիտի հանդիսանայ քննարկելու համար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ունեցած յատկանշական դերը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, մասնակցութեամբ աշխարհի տարածքէն պատմաբաններու եւ մասնագէտներու:
Գիտաժողովին ընթացքին ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն նաեւ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան եւ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան։

Հեղինակ եւ մտաւորական դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ հայագիտական դասաւանդումներ կատարած է եւ շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներ ստորագրած մասնագիտական պարբերաթերթերու մէջ, ինչպէս նաեւ գրած է կարգ մը հատորներու հատուածներ։ Ան հեղինակած է Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող գրականութեան նուիրուած չորս հատորներ, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան դասաւանդման ուսուցիչներու ուղեցոյց մը՝ մանկապարտէզէն 12րդ կարգի աշակերտներուն համար։ Ան UCLA-ի Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքէն վկայուած է դոկտորայի վկայականով: Նկատի ունանալով, որ ան մօտէն ուսումնասիրած է 1917-1921 տարիներու պոլշեւիկներուն եւ ՀՅԴին միջեւ կապերը՝ ան գիտաժողովի ընթացքին պիտի խօսի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարիներուն հայ համայնավարներուն ունեցած կործանարար դերակատարութեան մասին եւ պիտի անդրադառնայ նաեւ հակադաշնակցական այդ արարքներուն ունեցած բացասական հետեւանքներուն, որոնք մինչեւ այսօր վնաս կը հասցնեն հայութեան միասնակամութիւնը ամրապնդելու ջանքերուն եւ ազգային շահերուն։
«Օքսֆորտ» համալսարանի Արեւելեան ուսմանց բաժանմունքի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան ընկերաբանութեան մէջ մասնագիտացած է Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան համալսարանին մէջ եւ եղած է «Քէյմպրիճ» համալսարանի Եւրասիոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնի վարիչ (2002-2012)։ Ան դասախօսած է աշխարհի տարածքին եւ հեղինակ է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու ու յօդուածներու, որոնք լոյս տեսած են մասնագիտական թերթերու մէջ։

Գիտաժողովին, ան պիտի խօսի Ճարտարապետական 4րդ յեղափոխութեան (արդի արհեստագիտութեանց) ունեցած ազդեցութեանց մասին՝ լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ անիկա պատճառ դարձաւ, որ քաղաքական քննարկումները եւ որոշումները մնան փոքրաթիւ մեծահարուստներու եւ քաղաքական ուժը իրենց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած անհատներու հակակշիռին տակ, ինչ որ բնակչութեան մեծամասնութեան շահերուն վնաս կը պատճառէ։ Միաժամանակ, ան պիտի խօսի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ձգած գաղափարական ժառանգին մասին, որ հիմնուած է ընկերային արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան վրայ, սկզբիւնքներ, որոնք այսօր վտանգուած են արհեստագիտութեան սանձարձակ յառաջխաղացքին իբրեւ հետեւանք։
Նշենք, որ Խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ CSUN համալսարանի «Plaza Del Sol» սրահին մէջ, եւ մուտքը ազատ է: