ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Լոռիի մարզին մէջ դահոյկի կայան ստեղծելու ներդրումային ծրագիրին:
Մարզի Անտառաշէն եւ Լերմոնտովօ համայնքներուն մէջ իրագործուելիք ծրագիրին համար մինչեւ 30 միլիառ դրամ ներդրում պիտի կատարուի. տարածքի գլխաւոր յատակագիծը գծելու համար ընտրուած է «Էքօսայն» (Ecosign) միջազգային լաւագոյն կազմակերպութիւնը:
Այս իրագործումը մեծապէս նպաստաւոր պիտի ըլլայ շրջանին մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման, հետեւաբար՝ տնտեսութեան համար. պիտի ստեղծուի աւելի քան 1500 նոր աշխատանքի կարելիութիւն:
Նախատեսուած է համաշխարհային մակարդակի դահոյկի կայան մը, ուր այցելուները առիթը պիտի ունենան սորվելու եւ սահելու տարբեր բարդութեան դահուկային սահուղիներով: Նշեալ կայանը նախատեսուած է նաեւ միջազգային մակարդակի մարզական մրցումներու համար: Կայանը պիտի գործէ ամբողջ տարին եւ պիտի ունենայ օրական 2000 այցելու պատշաճօրէն ընդունելու եւ բարձրակարգ կերպով սպասարկելու անհրաժեշտ ենթակառոյցները:
Նախատեսուած տարածքը կը կազմէ 584 հեկտար: Այնտեղ պիտի կառուցուին 3 ճոպանուղի եւ դահուկային ուղիներ: Ներկայ փուլին կը նախատեսուի կեդրոնական բաժինի կառուցումը՝ պանդոկներով, խանութներով, ճաշարաններով եւ օժանդակ այլ կառոյցներով: