Չեխիոյ Թերեզին քաղաքին մէջ, 9 Մարտին տեղի ունեցաւ Թերեզինշտաթտի Ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին կից թանգարանին բացումը, որուն մասնկացեցաւ Չեխիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան:
Թանգարանի բացման արարողութիւնը սկսաւ Ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի գեղարուեստական ղեկավար Պաւել Խալուպան, որմէ ետք ելոյթներ ունեցան կեդրոնի տնօրէն, Հայաստանի մէջ յայտնի ցեղասպանագէտ Շիմոն Քրպեց, Թերեզինի քաղաքապետ Հանա Ռոժցովա, ապա Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութեան՝ Հայաստանի դեսպանը բարձրօէն գնահատեց 2012ին սկսած «9 դարպաս» փառատօնի եւ «Չարիքի հնաբանութիւն» ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրման կեդրոնի (որուն իրաւայաջորդն է Թերեզինշտադտի կեդրոնը) գործունէութեան մէջ Փաւել Խալուպայի եւ Շիմոն իրպեցի հետ սկսած համագործակցութիւնը: Այս ծիրին մէջ դեսպանը ընդգծեց ուսումնական հաստատութիւններու մէջ Ցեղասպանութեան նիւթի դասաւանդման դերը ապագային ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի գործին մէջ:
Նորաբաց թանգարանին մէջ ցուցադրուած են Հոլոքոսթին նուիրուած ցուցանմուշներ, նաեւ այլ ոճրագործութիւններու, որոնց շարքին Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող նիւթեր: Թանգարանի ղեկավարութիւնը կը ծրագրէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին օժանդակութեամբ զգալիօրէն ընդլայնել եւ հարստացնել թանգարանի հայկական հաւաքածոն: