ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2018ին ԵԱՀԿը նախագահող Իտալիան ջանք պիտի չխնայէ աջակցելու Արցախի հակամարտութեան կողմերուն՝ հասնելու տագնապին քաղաքական լուծման, «Արմէնփրէս»ի հետ բացառիկ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ԵԱՀԿի մօտ Իտալիոյ ներկայացուցչութեան մամլոյ պատասխանատու Ճիովաննի Տաւոլի:
Խօսելով Արցախի տագնապի լուծման հեռանկարներուն մասին՝ ան յայտնեց. «Ճգնաժամի լուծման տարրերը արդէն դրուած են բանակցութեանց սեղանին՝ շնորհիւ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն: Հետեւաբար, լիակատար աջակցութիւն կը ցուցաբերենք մինչեւ հիմա որդեգրուած մօտեցումին։ Երբ կողմերը ներգրաւուած էին բարձրագոյն քաղաքական մակարդակի վրայ՝ երկու նախագահներու միջեւ, ուղղակի հաղորդակցութեան ձեւով, մենք ականատեսը եղանք դրական զարգացումներու: Այս առումով մենք կ՛աջակցինք եւ կը սատարենք բարձրագոյն մակարդակով կայանալիք ապագայ շփումներուն՝ գիտակցելով, որ կողմերուն մօտ քաղաքական կամքի գոյութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան հոլովոյթին առանցքային գործօնն է»:
Խօսելով յատուկ նախաձեռնութիւններու մասին, որոնք կրնան յառաջ մղել Արցախի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթը՝ ան ըսաւ. «ԵԱՀԿի Իտալիոյ նախագահութիւնը նպատակ կը հետապնդէ հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի քաղաքական, բանակցային եւ կայուն լուծման: Մենք պիտի գործենք ԵԱՀԿի նախկին համանախագահողներու օրինակով՝ հետեւողականօրէն աջակցելով Մինսկի խմբակի համանախագահներուն: Մենք ջանք պիտի չխնայենք օգնելու եւ աջակցելու կողմերուն՝ համաձայն Մատրիտեան սկզբունքներուն եւ Հելսինքիի եզրափակիչ հռչակագիրին»: