ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի ղեկավար Գասպար Կարապետեանը պարգեւատրեց «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
«Արցախի Հանրապետութեանը մատուցած ծառայութիւնների համար եւ ծննդեան 70րդ տարեդարձի կապակցութեամբ, ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախմբի ղեկավար Գասպար Կարապետեանին պարգեւատրել «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով», նշուած է ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի համապատասխան հրամանագիրին մէջ: