Այս նամակը կը գրեմ իբրեւ ազգի ու հայրենիքի խնդիրներով մտահոգ սովորական հայ մարդ, որ քաջատեղեակ է ու շատ մօտիկէն հետեւած է մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն սխրագործութիւնը հանդիսացող Արցախի ազատագրական պայքարին եւ լաւապէս ծանօթ է ազգին ու հայրենիքին մատուցած Ժիրայր Սէֆիլեանի ծառայութեան ու նուիրումին:
Այստեղ կարիք չեմ զգար վերաշարադրելու Ժիրայր Սէֆիլեանի կենսագրութիւնն ու սխրագործութիւնը, Արցախեան ազատամարտին ընթացքին մահուան գնով հայրենիքի ու հայութեան ազատագրութեան դատին հանդէպ ցուցաբերած իր նուիրումը: Կարիք չեմ զգար նաեւ քննելու իրեն ուղղուած մեղադրանքներու իրաւական մանրամասնութիւնները, որովհետեւ Հայաստանի դատական համակարգը դեռ այն մակարդակին չէ որ արժանանայ մեր եւ ձեր վստահութեան: Պարզապէս կ՛ուզեմ բարձրաձայնել այն մեծ ցաւը, զոր կ՛ապրինք շատ շատերս, տեսնելով, որ մեր ազգի մղած պայքարին իր հերոսական ներդրումը բերած մարտիկը այսօր տաս տարուան ազատազրկման ենթակայ է: Ոչ այսօր եւ ոչ ալ վաղը, ոչ մէկը կը հաւատայ, որ Ժիրայր Սէֆիլեան վտանգ է Հայաստանի համար, որովհետեւ հայրենիքին համար կեանքը նուիրելու պատրաստ մարտիկը երբեք այդպիսին չեն կրնար ըլլալ:
Ձեզմէ առաջ, աւելի դաժան միջոցներով փորձեցին պատմութեան էջերէն ջնջել ազգի ու հայրենիքի նուիրեալներու անունները, բայց ձախողեցան: Այս նամակիս մտադրութիւնն ալ այն է, որ խնդրեմ, խորհուրդ տամ կամ պահանջեմ, որ ազատ արձակէք հայ մարտիկը:
ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Aynkan adén, vor artarootyoon chga hayréniki méch, usél é,té nbadagé shéghoom ga hon, vor gu nshanagé, té Ménk dgar ënk yëv, oosdi, pan mu chénk grnar irakordzél!