Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Աշխարհի աչքերուն առջեւ, Թուրքիոյ պետութիւնը դարձեալ ձեռնարկած է մարդկային ու քաղաքական ոճիրներու եւ կը մնայ անպատիժ, սանձարձակ։ Անցեալին, Սուլթան Համիտն ու Իթթիհատի ոճրածին ուղեղներն էին, անոնց հետեւեցան Մուսթաֆա Քեմալն ու Էճեւիտներ, Տէմիրէլներ, Էվրէններ եւ Էօզալներ։ Այսօր արիւնոտ ճամբուն վրայ նոր մղոններ կը կտրեն Էրտողանն ու իր «խունթա»ին անդամները։
Նորագոյն բեմադրավայրն է Սուրիոյ հիւսիսային՝ Աֆրին աւանը. թրքական բանակները օր ցերեկով գրաւեցին շրջանը, իբրեւ թէ քիւրտ խափանարարներ հետապնդելու դիտաւորութեամբ, ու տակաւին կը սպառնան գրաւել Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանային ամբողջ գօտին, աչքերը սեւեռած են նաեւ Իրաքի հիւսիսային՝ քարիւղով հարուստ գօտիին, մի՛շտ նոյն պատճառաբանութեամբ։ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Եւրոպական Միութիւնն ու այլ ազդեցիկ ուժեր խօսքով դատապարտանքի անձրեւներ կը տեղացնեն Թուրքիոյ հասցէին, չեն մոռնար ներքին ճակատի վրայ բռնատիրական վարմունքը, սակայն Էրտողան ու գործակիցները արհամարհանքի պատին կը զարնեն ամէն կոչ ու մեղադրանք, անշեղ կ՛ընթանան մահ ու աւեր սփռելու ուղիէն։
Աֆրինի գրաւումը բացատրելով, Թուրքիա հաւաստեց, թէ «խաղաղ բնակիչները ահաբեկիչներէ կ՛ազատագրէ»։ Իրականութիւնը այն է, որ խաղաղ բնակիչները ջարդուեցան ու ռմբակոծումներու զոհ գացին, զանգուածաբար փախուստ տուին իրենց բնակավայրերէն, տուն ու ստացուածք ձգելով ետին։ Հալէպի կարգ մը շրջաններուն քանի մը տարի առաջ վիճակուած ահաւոր վիճակը կը կրկնուի Աֆրինի մէջ. Քեսապն ալ ճաշակած էր նոյն դառն պտուղէն…։ Սուրիոյ իշխանութեան հակադրուած կարգ մը սուրիացիներ իբրեւ գործակից ներկայացնելով, թուրքերուն առաջին գործը Աֆրինի մէջ եղաւ… կողոպուտ ու քանդում, խաղաղ բնակիչներու ահաբեկում, բնակավայրերու կործանում։ Հիմնական նպատա՞կը. մասնաւորաբար քիւրտ բնակիչները հեռացնել իրենց բնակավայրէն ու տիրանալ անոնց ստացուածքներուն, նաեւ Ալեքսանտրէթի նահանգին կրկնօրինակը իրականացնել Սուրիոյ հիւսիսային գօտիին մէջ։ Աֆրինի մէջ թրքական դրօշակի բարձրացումը լոկ ցուցական-զգացական արարք չէ, այլ կը մատնէ հող բռնագրաւելու եւ իւրացնելու հին ծրագիրը։
Այլ խօսքով, մարդային արարածներու դէմ կրկնակի ոճիրներուն կողքին, Թուրքիա կ՛իրականացնէ նաեւ քաղաքական ոճիր, միջազգայնօրէն ճշդուած սահմաններ կը խախտէ, դրացիներու հողերը կը բռնագրաւէ, ինչպէս դար մը առաջ ըրած էր Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ պարագային, ինչպէս աւելի քան 50 տարի առաջ ըրաւ Կիպրոսի մէջ։
Թուրքիա կը մնայ անպատիժ ու հետեւաբար՝ անսանձ։ Դատապարտանքի խօսքերը Անգարայի վարիչներուն կողմէ կը դիմաւորուին իբրեւ աղբանոցի արժանի արտայայտութիւններ։ Անդին, այլատեսակ մեկնաբանութիւններ կը ծաւալին, մէկ կողմէ՝ իր դիրքը վարպետօրէն շահագործելու «թրքական կարողութեան», միւս կողմէ՝ քիւրտերու հանդէպ աշխարհի անբարեխիղճ կեցուածքը ի նպաստ իրեն դարձնելու ընթացքին մասին։ Չէ՞ որ քիւրտերը «աչքի փուշ» են Իրաքի, Իրանի, որոշ չափով նաեւ Սուրիոյ մէջ, իսկ Թուրքիոյ մէջ անոնց ինքնուրոյն գոյութիւնն իսկ ժամանակ մը խնդրոյ առարկայ էր ու ենթակայ դարձած էին թրքացումի քաղաքականութեան։ Ի՜նչ խօսք, որ միջ-քրտական հակադրութիւններն ու մրցակցութիւնները իրենց բաժինը ունին դառն վիճակի ծանրացման մէջ։ Ուրեմն, խաղաղ բնակիչները՝ ժողովրդային զանգուածները իրենց կեանքով ու ինչքով կը վճարեն թրքական ոճրային քաղաքականութեան գինը, եմէնցիներուն նման աչքաթող մնալով աշխարհի հեռադիտակներէն։
Ո՞վ եւ ե՞րբ պիտի զսպէ սանձարձակ Թուրքիան, եւ ի՞նչ միջոցներով։ Պէտք կա՞յ արդեօք յիշեցնելու, թէ «Արաբական գարուն»ին սկիզբէն ասդին, նաեւ անկէ ալ առաջ, Թուրքիա հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ «իսլամական ծայրայեղականութեան» տարածման մէջ, ու այդ դերը կը շարունակէ հազար ու մէկ անունի տակ. մերթ կը ներկայանայ ՆԱԹՕի դաշնակիցի, ուրիշ օր մը՝ Ռուսիոյ հետ մերձեցում խաղալու պատմուճաններով։ Ո՞վ գործնապէս ցոյց պիտի տայ Թուրքիոյ, որ ինք դրացիներէն առնելիք չունի, ոճրագործ-ցեղասպան մը չի կրնար իբրեւ խաղաղարար ու հարցեր լուծող ներկայանալ աշխարհին, իր քաղաքական ընդդիմադիրներն ու մամլոյ ազատութիւնները կաշկանդող մը չի կրնար խօսիլ արդի աշխարհին անունով, այլ ունի հատուցելի հին ու նոր պարտքեր, որոնց տէրերը պէտք չէ միանան ձեռնածալ դիտողներուն եւ բանաւոր դատապարտանքով գոհացողներուն։
20 Մարտ 2018