ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ու Գերմանիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ նոր լարուածութիւն մը ստեղծուեցաւ, այս անգամ՝ Աֆրինը բռնագրաւելու թրքական գործողութեան մասին Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի արտայայտած վերապահութիւններուն պատճառով։
Արդարեւ, համախոհական նոր կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնելու ընթացքին, Մերքել, որ գերմանական քաղաքական շրջանակներուն կողմէ կը քննադատուէր Աֆրինի հարցին գծով լուռ մնացած ըլլալու մեղադրանքով, Մարտ 21ին ըսաւ, թէ Թուրքիա որքա՛ն ալ ինքնապաշտպանութեան վարկածներ առաջ քշէ, ընդունելի չէ, որ հազարաւոր խաղաղ քաղաքացիներու կեանքը վտանգի ենթարկուի։ «Մենք խիստ կերպով կը քննադատենք այս կացութիւնը», ըսաւ վարչապետը։
Իր կարգին, Գերմանիոյ կառավարութեան բանբերը ըսաւ, թէ մտահոգութեամբ կը հետեւին Աֆրինի գործողութեան՝ շեշտելով, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի զինադուլի որոշումը Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն համար ի զօրու է, եւ պահանջեց, որ Թուրքիա հնազանդի միջազգային որոշումներուն։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս հակազդեց Մերքելի խօսքերուն ու պնդեց, թէ Աֆրինի մէջ տեղի ունեցածը «ահաբեկչութեան դէմ պայքար» մըն է՝ «անհիմն» որակելով Թուրքիոյ դէմ «հրապարակ քշուած ցեխարձակումները»։
«Մերքելի կողմէ յայտնուած անհիմն մեղադրանքները բացարձակապէս ընդունելի չեն. Թուրքիոյ նպատակն է Աֆրինը ամենակարճ ժամանակի մէջ մաքրագործել ահաբեկիչներէն եւ զայն վերադարձնել իր տէրերուն», կ՛ըսուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։