ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Ժամանակ».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան Պոլսոյ հայազգի երեսփոխան Սելինա Տողան Մարտ 22ին խորհրդարանի նախագահութեան դիմած է՝ պահանջելով, որ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար խորհրդարանական յատուկ յանձնախումբ մը կազմուի։
Ան դիտել տուած է, որ Լօզանի դաշնագիրով որոշ իրաւունքներ տրուած են փոքրամասնութիւններուն եւ Թուրքիա խոստացած է յարգել այդ իրաւունքները։ Բայց այսօր փոքրամասնութիւնները ունին շարք մը հարցեր, որոնք լուծման կը կարօտին։ Օրինակ՝ փոքրամասնութիւնները թէեւ ունին իրենց վարժարանները, բայց այդ վարժարաններուն համար կանոնագրութիւն մը չկայ, փոքրամասնութիւններու կալուածները վերադարձնելու հարցին մէջ կաղացումներ կան, պատրիարքական ընտրութիւն կարելի չէ եղած իրականացնել եւ երկար ժամանակէ ի վեր ջնջուած է համայնքային ընտրութիւններու դրութիւնը ու ընտրութիւն չի կատարուիր։ Այս բոլորէն դուրս, կը շարունակուին նաեւ փոքրամասնութիւններու դէմ ատելութեան յանցագործութիւններ եւ այս բոլորին պատճառով պէտք է հիմնուի խորհրդարանական յանձնախումբ մը, որ պիտի ունկնդրէ մասնագէտներու ու շահագրգիռ կողմերու խորհուրդները ու պաշտպան պիտի կանգնի փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն։
Խորհրդարանի ամպիոնէն ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, ան մատնանշեց, որ փոքրամասնութիւններու խնդիրներու լուծման նպատակով նախ եւ առաջ պէտք է յաղթահարուին մտայնութեան պատնէշները:
Տողանի կողմէ պատրաստուած եւ խորհրդարանի նախագահութեան յղուած առաջարկը ստորագրուած է նաեւ կուսակից 22 երեսփոխաններու կողմէ:
Երեսփոխանին գրասենեակը մամուլին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցած է առաջարկին մէջ Սելինա Տողանի կողմէ արծարծուած հարցերուն շուրջ: Վերոնշեալներուն կողքին, հոն անդրադարձ կայն նաեւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի շէնքի սեփականութեան իրաւունքի հարցին:
Սելինա Տողան խորհրդարանի ամպիոնէն յիշեցուցած է, որ յաջորդ շաբաթ պիտի տօնուի Սուրբ Զատիկը: «Թուրքիոյ մէջ, որպէս փոքրամասնութիւն, մենք Զատիկը դարձեալ յուզումով կը դիմաւորենք՝ մեր առկախուած բազաթիւ հարցերուն բերումով», ըսած է ան: