ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ճումհուրիյէթ» թերթը Մարտ 21ին կը յիշեցնէ, որ գործատէր Օսման Քաւալա մօտաւորապէս հինգ ամիսէ ի վեր բանտարկուած կը մնայ, առանց պաշտօնապէս ամբաստանուելու։ Քաւալա շաբաթը անգամ մը արտօնութիւն ունի միայն մէկ ժամ խօսելու իր փաստաբանին հետ, մէկ ժամ ալ՝ իր ընտանիքի անդամներուն հետ։ Ան արտօնութիւն չունի նամակներ ստանալու կամ ուղարկելու։ Անոր արտօնուած է 10 գիրք ունենալ իր բանտախուցին մէջ։
Քաւալայի փաստաբաններուն կողմէ ամբաստանութեան մասին լուսաբանութիւն ստանալու համար կատարուած բոլոր դիմումները ցարդ կը մնան անպատասխան։
«Անատոլու Քիւլթիւր» կազմակերպութեան նախագահ Օսման Քաւալա, որ ծանօթ է իր հայանպաստ կեցուածքներով, ձերբակալուեցաւ Յուլիս 15ի զինուորական հարուածին աջակցելուն եւ «Կեզի» հանրապարտէզի ցոյցերը կազմակերպելուն շուրջ կասկածներու հիման վրայ: Ան, սակայն, կը հերքէ այդ պնդումները։