ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը իւրայատուկ կերպով սկսած է ՀՄԸՄի հիմնադրութեան հարիւրամեակի տօնակատարութեանց՝ համացանցային արշաւի մը նախաձեռնելով։
Արդարեւ, Փետրուար 27ին, համացանցին միջոցաւ սկսած՝ հարիւրամեակին համար արշաւին լաւագոյն խոր-հրդանիշը ընտրելու նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած են ՀՄԸՄի մօտաւորապէս 175 անդամներ, շրջանաւարտներ եւ համակիրներ, որոնց մէջէն ընտրուած է Էտվին Քամարզեանի «#WeAre100» խորագրուած խորհրդանիշը։
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի բանբեր Էլէն Ասատրեան կը յայտնէ, թէ «#WeAre100»ը մաս պիտի կազմէ այս տարուան ընթացքին շրջանին մէջ իրականացուելիք ՀՄԸՄի հարիւրամեակի տօնակատարութեանց, համացանցային կարծիքներու փոխանակումներուն ու արշաւներուն։
Ներկայիս աշխատանք կը տարուի հարիւրամեակին առիթով համացանցային յատուկ կայք մը հաստատելու՝ www.WeAre100.info հասցէին։
Հարիւրամեակի նախաձեռնութեանց մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.facebook.com/HomenetmenUSAWR կամ www.instagram.com/homenetmen_western_usa կայքէջերը։