200,000 ՏՈԼԱՐ ԳՈՅԱՑԱՒ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ
ՍԻՏՆԻ.- Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, հիմնուած 1918ին, Worcester, MA, իբրեւ պատասխան հայ ժողովուրդին կրած ահաւոր տառապանքներուն՝ յայտարարած է. «Մենք հիմնեցինք Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը՝ հաւատալով, թէ մեր մարտիրոսացեալ հայ ազգը պիտի ապրէր իբրեւ ազգ… Ուրեմն՝ հարկ եւ անհրաժեշտ էր ամէն գնով սատարել մեր ազգային եւ հոգեւոր վերականգման գործին», (վեր. Միհրան Թ. Գալայճեան՝ առաջին գործադիր տնօրէն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան, 1918):
Տօնախմբելու համար հարիւրամեայ ծառայութիւնը աշխարհասփիւռ հայ գաղութներու մէջ եւ իրականացնելու համար հարիւրամեակի 20 միլիոն տոլարի հանգանակութեան արշաւը, Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, իր գործակիցներուն հետ մէկտեղ կազմակերպած է համաշխարհային տօնախմբութիւններ՝ 2017-2018 տարեշրջանի ընթացքին, որոնցմէ առաջինը կայացաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի նահանգին մէջ, 21 Հոկտեմբեր 2017ին:
Երկրորդ տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ Սիտնի, Աւստրալիա, 15-18 Մարտ 2018ին, Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ, որուն նախագահ եւ գործադիր տնօրէնն է վեր. դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեան:
100ամեակի հանգանակութեան իր բերած բաժինով, Աւստրալիոյ Աւետարանչականը որոշեց ստանձնել վերանորոգումը Արցախի չորս մանկապարտէզներու, որոնք են՝ Ստեփանակերտի Յակոբ եւ Լիտիա Պաղտիկեան մանկապարտէզ, Շուշիի Յակոբ Կարապետ Պիլէզիքեան մանկապարտէզ, Մարտակերտի Վեր. Դոկտ. Մովսէս Ճանպազեան մանկապարտէզ եւ Ասկերանի մանկապարտէզ: Միջոցառումները կայացան Արցախի Հանրապետութեան պետնախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հովանաւորութեամբ: Ան ժամանած էր Սիտնի, Աւստրալիոյ Աւետարանչականին հրաւէրով, իբրեւ ներկայացուցիչ Արցախի Հանրապետութեան եւ Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի: Հանդիսութիւններուն ներկայ գտնուեցան արտասահմանէն ժամանած հիւրեր՝ Հայաստանէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ ԱՄՆէն: Հիւրաբար ներկայ էին նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան եւ գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան:
Սիտնիի մէջ հարիւրամեակի տօնակատարութիւնները սկսան Հինգշաբթի 15 Մարտին, բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեանի «Վերջին Բնակիչը» շարժապատկերի ցուցադրութեամբ, որ կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի մէջ հայկական գիւղի մը՝ Կիւրճեւանի, բնակչութեան տեղահանումը 1988 թուականին: Շարժապատկերի ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ «Hoyts» պատկերասրահին մէջ: Յաջորդ օրը՝ 16 Մարտին, կայացաւ մշակութային գեղարուեստական երեկոյ մը՝ «Concourse» թատերասրահին մէջ, ուր հանդէս եկան հայ եւ այլազգի արուեստագէտներ: Շարք մը պատկառելի հիւրեր ներկայ գտնուեցան երկու միջոցառումներուն, ինչպէս՝ տեղական խորհրդարանի եւ պետական պաշտօնեաներ, Աւստրալիոյ Միացեալ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ եւ Հայկազուն եպս. Նաճարեան՝ առաջնորդ Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զիլանտայի Հայ առաքելական եկեղեցիներու:
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան յայտնեց իր ջերմագին երախտագիտութիւնը՝ թէ՛ հրաւէրին եւ թէ Աւետարանչականի տարած աշխատանքին համար: Մշակութային երեկոն աւարտեցաւ եպիսկոպոս Նաճարեանի խօսքերով եւ օրհնութեան աղօթքով:
Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100ամեակի Փառաբանութեան պաշտամունքը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 18 Մարտին, Սիտնիի Հայ Աւետարանական Միացեալ եկեղեցիին մէջ, առաջնորդութեամբ՝ եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Յակոբ Սարգիսեանի: Խուռն էր ներկայութիւնը եկեղեցասրահին ու անոր կից գտնուող սրահին մէջ, ուր պաստառի վրայ կը ցուցադրուէր պաշտամունքը: Պաշտամունքին ներկայ էին Արցախի պետական նախարար Ա. Յարութիւնեան, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Գայլար Միքայէլեան, NSW-ի նախարարապետ Կլատիս Պերեճիքլեան, Willoughby-ի քաղաքապետ Կէյլ Կիլես-Կիտնի եւ Ռապ Ֆլոյտ, որ կը ներկայացնէր Աւստրալիոյ Միացեալ եկեղեցւոյ նախագահ Սթիուըրթ ՄըքՄիլըն, ինչպէս նաեւ այլ մեծապատիւ հիւրեր:
Փորագիր յուշանուէր մը յանձնուեցաւ նախարարապետ Պերեճիքլեանին, որ ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իւրայատուկ պարգեւին համար: Ան շնորհաւորեց Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը իր մատուցած հարիւրամեայ ծառայութեան համար եւ մաղթեց, որ կազմակերպութիւնը յարատեւէ իր գործունէութիւններով: Խօսք առաւ նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան՝ փոխանցելով համայն աշխարհի Աւետարանչական ընտանիքին ողջոյնը եւ խտացնելով երկրորդ հարիւրամեակի տեսլականը: Վերապատուելի դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան՝ Եւրասիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահը, իր պատգամին մէջ խօսեցաւ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ առ հասարակ համայն աշխարհի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու առաքելութեան մասին: Արտասահմանէն ժամանած բոլոր հովիւները մաս կազմեցին աղօթքներուն եւ Աստուածաշունչի ընթերցումներուն:
Հարիւրամեակի տօնակատարութիւններէն ամէնէն ուշագրաւը հանդիսացաւ Սիտնիի Miramare Gardens-ի մէջ կայացած ճաշկերոյթը՝ շուրջ 280 հիւրերու ներկայութեամբ: Ներկայ էին Աւստրալիոյ Միացեալ եկեղեցիէն ներկայացուցիչներ, Հայկազուն եպս. Նաճարեան եւ հայր Բարսեղ Սուսանեան՝ Պատրիարքական փոխանորդ Աւստրալիոյ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ:
Ընթացքին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախագահ տոքթ. Տարագճեան իր խօսքին մէջ ներկայացուց Աւետարանչականի պատմականը եւ անդրադարձաւ կազմակերպութեան ռահվիրաներուն, ինչպէս՝ վեր. դոկտ. Կիրակոս Չոփուրեանի եւ վեր. դոկտ. Մովսէս Ճանպազեանի, եւ անոնց ազդու ղեկավարութեան: «Մեր պարտականութիւնն է հաւատարիմ մնալ այս ժառանգութեան եւ զայն փոխանցել ապագայ սերունդներուն» ըսաւ ան: Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան փոխանցեց օրուան պատգամը եւ ըսաւ. «Յառաջ նայելով՝ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կը շարունակէ իր բարեսիրական ուղեւորութիւնը: Աստուած մեզի վստահած է պարտականութիւնը մեր ժողովուրդին դիմակալած նիւթաբարոյական մարտահրաւէրները յաղթահարելու: Մեր առաքելութիւնն է յոյս ցանել, ժպիտներ քաղել, երազներ իրականացնել, սովածը կերակրել եւ հոգիներ փրկել»: Խանճեան աւարտեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են այս պատմական ու յիշարժան տօնախմբութեան իրագործման մէջ:
Երեկոյի ընթացքին յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Ընկերակցութեան նախկին գործադիր տնօրէնին՝ հանգուցեալ վեր. դոկտ. Մովսէս Ճանպազեանին, իր հաւատարիմ ծառայութեան, ինչպէս նաեւ 18 տարի առաջ Աւստրալիոյ մէջ Աւետարանչական Ընկերակցութեան մասնաճիւղ մը բանալու իր մտայղացման համար: Այս առթիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի՝ վեր. Ճանպազեանին ուղղած կոնդակը ընթերցեց վեր. դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեան, ապա զայն յանձնեց վեր. Ճանպազեանի կնոջ՝ Լուիզա Ճանպազեանին: Ընտանիքին անունով, Վահագ Ճանպազեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր հօր յիշատակը վեր առնող այս յատուկ յարգանքին համար: Նաեւ, հանգուցեալ վեր. Մովսէս Ճանպազեանի եղբայրը՝ Յակոբ Ճանպազեան, որ չէր կրցած ներկայ գտնուիլ հանդիսութեան, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց տեսագրութեան մը միջոցով, զոր ցուցադրուեցաւ պաստառի վրայ:
Վեր. դոկտ. Եումշաճըգեան, Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան անունով փորագիր յուշանուէրներ փոխանցեց բարերարներուն, նուիրատուներուն, հիւրերուն, ինչպէս նաեւ նախարար Յարութիւնեանին, որ Արցախէն ժամանած էր՝ միանալու Աւետարանչականի հարիւրամեայ տօնակատարութիւններուն:
Իր փակման խօսքին մէջ նախարար Յարութիւնեան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան՝ Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնելու սոյն հրաւէրին համար, եւ խօսեցաւ Արցախի ներկայ դրութեան մասին: Ան ըսաւ. «Ես բարձր կը գնահատեմ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Արցախի մէջ կատարած աշխատանքները եւ յատկապէս ա՛յն գործը, զոր կը կատարէ բարօրութեանը համար Արցախի երեխաներուն, որոնք են մեր ապագան»:
Երեկոն աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ եւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի նախագահ վեր. Պերճ Ճամպազեանի առաքելական օրհնութեամբ:
Նոյն շաբթուան ընթացքին, արտասահմանի հիւրերը պաշտօնական այցելութիւններ կատարեցին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ եպիսկոպոս Նաճարեանի, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ հայր Սուսանեանի, ինչպէս նաեւ Համազգային «Քոլստըն» ճեմարանի եւ ՀԲԸՄ «Ալեքսանտր» վարժարանի տնօրէնութեանց:
(Թղթակցութիւնը՝
Ընկերակցութենէն)