– «Իքոնոմիսթ» թերթին պատրաստած Աշխարհի ամենասուղ քաղաքներու տարեկան ցանկը յաջորդական հինգերորդ տարին ըլլալով գլխաւորած է Սինկափուր քաղաք-պետութիւնը, իր ետին ձգելով Փարիզը, Ցիւրիխը, Հոնկ Քոնկը, Օսլօն, Ժընեւը, Սէուլը, Քոփենհակընը, Թել Աւիւը եւ Սիտնին։ Նիւ Եորք եւ Լոս Անճելըս յաջորդաբար 13րդ եւ 14րդ դիրքերը կը գրաւեն։ Թերթին կողմէ նկատի առնուած 133 քաղաքներուն մէջ, ապրուստի ամէնէն աժան պայմանները ունին Դամասկոսը, Ալմաթին եւ Քարաքասը։
– 2016ի տուեալներով, ամերիկացի իւրաքանչիւր ինքնաշարժի վարորդ միջին հաշուով տարեկան 1400 տոլարի վնաս կը կրէ՝ խճողումներու պատճառով։