ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Մովսէս Յակոբեան ապրիլեան պատերազմը մեծ դաս եւ փորձառութիւն կը նկատէ հայկական բանակի համար:
Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին զոհուած զինուորներու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու համար Եռաբլուր պանթէոն այցելած զօրավար Յակոբեան լրագրողների հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ ապրիլեան պատերազմին յաջորդած երկու տարիներու ընթացքին բաւականին մեծ աշխատանք տարուած է պատերազմի ընթացքին ի յայտ եկած խնդիրները վերացնելու ուղղութեամբ:
«Հակառակորդն այդպիսի ռազմական գործողութիւն այլեւս ի վիճակի չէ իրականացնել, բայց սա չի նշանակում, որ դա բաւարար է: Պատերազմն այնպիսի երեւոյթ է, որ հակառակորդն անընդհատ նոր ձեւեր ու մեթոդներ է փնտրում գերակայութիւն ձեռք բերելու համար, եւ մենք աշխատանքներ իրականացնում ենք այդ ուղղութեամբ», նշեց Յակոբեան:
Հարցին՝ թէ հայկական զինուած ուժերը երբ պիտի ետ վերցնեն Լելէ Թեփէ բարձունքը, Մովսէս Յակոբեան պատասխանեց. «Երբ դրա անհրաժեշտութիւնը լինի»: