ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան երկրորդ մրցանակաբաշխութեան եւ գնահատանքի ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Մայիս 3ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ռենըսանս» սրահին մէջ: Ձեռնարկը առիթ պիտի հանդիսանայ մեծարելու շարք մը անձնաւորութիւններ եւ տեղական կազմակերպութիւն մը, որոնք յատկանշական իրագործումներու հասած են եւ ներդրումներ ունեցած՝ համայնքին բարգաւաճման ջանքերուն մէջ։
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի «Երիտասարդ Գործիչի Մրցանակ»ը պիտի յանձնուի համայնքի երկու արտակարգ ուսանողներ Լիլիթ Բազիկեանին եւ Շանթ Էօլմէսէքեանին։
Լիլիթ Բազիկեան ծնած է Թեհրան եւ ընտանիքին հետ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է 2007ին։ Ան հասակ նետած է ընտանիքի մը մէջ, ուր շեշտուած է համայնքային սպասարկութիւններ եւ կամաւոր աշխատանք մատուցելու կարեւորութիւնը. հետեւելով այդ ցուցմունքներուն՝ ան գիտակցած է, որ ոչ միայն կը նպաստէ իր համայնքին, այլեւ իր նոր շրջապատին ընտելանալու ջանքերուն։
Լիլիթ ներկայիս Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճին մէջ ուսողութեան ուսանող է, պատասխանատու պաշտօններ վարած է եւ կը վարէ քոլեճի զանազան ուսանողական մարմիններու մէջ։ Ան ատենապետն է քոլեճի Կանանց ընկերակցութեան եւ եղած է Ուսանողական կազմակերպութեանց միութեան փոխատենապետը։
Նաեւ, ան 2017ին մասնակցած է Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ամառնային վարժողական ծրագիրին՝ նպաստելով «Ուրացման Ճարտարապետները» ֆիլմի որմազդները «Ամերիքանա»ի մէջ չտեղադրելու որոշումը փոփոխութեան ենթարկելու գծով տարուած արշաւին՝ շարք մը այլ նախաձեռնութեանց կողքին։ Ան նաեւ եղած է Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի Հայ ուսանողական միութեան վարչութեան անդամ եւ գանձապահ, իսկ Կլենտէյլի երկրորդական վարժարանի աշակերտութեան օրերուն՝ վարժարանի Հայկական ակումբին փոխատենապետն ու Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի յանձնախումբին անդամ։
Յունիս 2016ին, Լիլիթ կամաւոր սպասարկութիւններ մատուցած է Հայաստանի հարաւային շրջաններու գիւղերուն մէջ կարիքաւոր աշակերտներու դասաւանդումներ տրամադրելու առաքելութեան եւ մասնակցած է Հայաստան հաստատուղ սփիւռքահայերու օժանդակող «ՌիփեթԱրմէնիա» կազմակերպութեան վարժողական ծրագիրին։
Իր կարգին, Շանթ Գրիգոր Էօլմէսէքեան Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի երկրորդ տարուան ուսանող է ու նպատակ ունի ուսումը շարունակելու Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը, քաղաքական գիտութեանց մարզին մէջ մասնագիտանալու համար։ Անոր քաղաքական աշխուժութեան ակունքները կ՛երթան մինչեւ «Հուվըր» երկրորդական վարժարան, ուր եղած է վարժարանի Հայկական ակումբի ատենապետ եւ բանախօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած եւ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանին կազմակերպած տարեկան ձեռնարկներուն ընթացքին։ Ան Ցեղասպանութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուցած է նաեւ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան, իսկ ՀԵԴ ճամբարին կազմակերպած է ղեկավարման հաւաքներ։
Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճին մէջ, ան Ուսանողներու ծրագիրի ատենապետն է, ինչպէս նաեւ Ուսանողներու միութեան ելեւմտական հարցերու պատասխանատուն՝ հետեւելով ուսանողական կառավարութեան 5 միլիոն տոլարնոց ամավարկին եւ մօտաւորապէս 250 անդամ ունեցող յառաջադէմ ուսանողներու ծրագիրներուն։
Շանթ նաեւ գործօն անդամ է ՀԵԴ Կլենտէյլի «Ռուբէն» ուխտին եւ վերջերս ամբողջացուցած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, ինչպէս եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ իրականացուող Հայ Դատի Լէօ Սարգիսեանի անուան վարժողական ծրագիրները։ Այս վերջին վարժողական ծրագիրին ընթացքին, Շանթ առիթը ունեցած է ամբողջացնելու Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներուն արժեւորումները, բնականաբար՝ կեդրոնանալով հայութեան նկատմամբ անոնց կեցուածքներուն վրայ։ Նաեւ, ան գործօն մասնակցութիւն բերած է Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներուն արդիական զէնքեր չծախելու նպատակով յաջողութեամբ պսակուած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի արշաւին, եւ մասնակցած է խաղաղ ցուցարարներ ծեծած նոյն այդ թիկնապահներուն դէմ կազմակերպուած ցոյցին։
Քաղաքական իր աշխուժութեան կողքին, Շանթ նաեւ նուիրուած է իր ուսման՝ արձանագրուելով շարք մը յառաջացեալ դասանիւթերու. ան նաեւ կը մասնակցի «Կարս» ակադեմիոյ երկշաբաթեայ դասախօսական ներկայացումներուն, որոնք նուիրուած են միջազգային քաղաքական իրադարձութիւններու, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կառոյցներուն եւ պատմութեան։ Քաղաքական գիտութեանց ճիւղին մէջ վկայականը ստանելէ ետք, Շանթ նպատակ ունի ուսումը շարունակելու իրաւաբանութեան ճիւղին մէջ, որպէսզի կառավարութենէն ներս իր գործունէութեամբ մասնակցութիւն բերէ արդարութեան համաշխարհային պայքարին։
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան երկրորդ մրցանակաբաշխութեան եւ գնահատանքի ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին նաեւ դոկտ. Արմինէ Յակոբեան, Արտի Քասախեան, Իսահակ Գազանճեան, Սեդա Խոջայեան եւ Կլենտէյլի «Քիուանիս» ակումբը։ Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց, տոմսեր ապահովելու կամ հովանաւորութեան կարելիութիւններուն ծանօթանալու համար, այցելել www.ancaglendale.org/award2018 կայքէջը։