«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ցոլակ Յովսէփեան պատրաստուած էր ելոյթ ունենալու իր հարիւրամեակի տօնակատարութեան երեկոյին: Քիչ մը իրարանցում, քիչ մը շփոթ, եւ հաւանաբար՝ բաւական խոր յուզում, պատճառ եղան, որ մեր ալեհեր բայց յաւերժ երիտասարդ ընկերը իր ելոյթը չներկայացնէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահը հաւաքուած իր հարազատներուն, բարեկամներուն, ընկերներուն:
Պէտք է ըսել, որ Ցոլակի հարիւրամեակը շնորհաւորած են ոչ միայն Քալիֆորնիայէն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, այլեւ Հայաստանէն ու Արցախէն, արտասահմանեան բազմաթիւ երկիրներէ ծանօթներ, նոյնիսկ՝ անծանօթնե՛ր:
«Ասպարէզ», անշուշտ, երախտապարտ է ընկեր Ցոլակին, որ իր դարադարձի տօնակատարութիւնը վերածեց թերթին ի նպաստ հանգանակային ձեռնարկի: Շնորհակալութիւն ընկեր Ցոլակին եւ մեր կողմէ բոլո՛ր անոնց, որոնք փոխան նուէրի՝ ընկերոջ դարադարձը նշանաւորեցին թերթին կատարուած նուիրատուութեամբ:
Ահաւասի՛կ Ցոլակի չարտասանած ելոյթին բնագիրը: Շեշտե՛նք, որ ասիկա տակաւին շատ հեռու է իր վերջին խօսքը ըլլալէն:
Բառեր չեմ կրնար գտնել արտայայտելու այս պահու զգացումներս:
Յուզուած եմ ձեր ցուցաբերած այս ջերմ վերաբերմունքէն, երախտապարտ եմ այս յարգանքի դրսեւորումին, որուն արժանի չեմ նկատեր ես զիս: Շնորհակա՛լ եմ այս երեկոյի գաղափարը յղացողներուն, զայն գործադրողներուն: Հաւատացէ՛ք, որ եթէ այս ձեռնարկը ազգային կարեւոր կառոյցի մը զօրակցութեան առիթ չըլլար, ես չէի կրնար համաձայնիլ, որ տեղի ունենայ: Շնորհակա՛լ եմ, որ այսօր պատուելով զիս՝ ձեր զօրակցութիւնը կը յայտնէք «Ասպարէզ» օրաթերթին:
Այո՛, կեանքիս ընթացքին շփուած եմ մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն արժանաւոր դէմքերուն հետ, պատիւ ունեցած եմ անոնց մտածումներուն ծանօթանալու, հաղորդակցելու անոնց ներաշխարհին, եւ իմ կարելիութեան սահմաններուն մէջ տարածած եմ անոնց գաղափարները: Իւրաքանչիւր մեծ հայորդիի հետ ծանօթացումը առիթ դարձած է, որ ուժեղանայ իմ մէջ հաւատքը՝ հանդէպ մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին ու անոր ապագային:
Ես այնքա՜ն շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ իմ կեանքին մէջ անպակաս դարձուցած է ձեզ նման ընկերներ: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իմ կեանքս հարստացուցած է իր անկեղծութեամբ, իր ջերմութեամբ: Փորձած եմ, իմ կարգիս, իմ անկեղծ նուիրումս եւ հաւատարմութիւնս փոխանցել ձեզի:
Հաւատացէ՛ք ինծի, մարդու համար ամէնէն մեծ երջանկութիւնը իր գաղափարին ծառայելն է՝ նո՛յն գաղափարին նուիրուած ընկերներու հետ:
Ես այդ բախտին արժանացած եմ, եւ իմ կեանքիս մնացեալ օրերուն եւս պիտի շարունակեմ ծառայել իմ կուսակցութեան՝ իմ ընկերներուս հետ կողք կողքի, սիրտ սրտի»:
Տակաւին երկար ապրիս Յովսէփ ճան, շրջապատուած քու ընկերներովդ:
Կեցցե’ս սիրելի Ցոլակ, շատ ապրես’: