ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կանխած էր շատ մեծ քանակով՝ շուրջ 3 քիլոկրամ ծանրութեամբ թմրամիջոցի մաքսանենգութեան դէպք: Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացին, թմրամիջոցը նետելով հայ-իրանեան սահմանագիծէն, փոխանցած էր Հայաստանի երկու քաղաքացիներու, որոնք, ստանալով ծրարը՝ փորձած էին զայն իրենց ինքնաշարժով տեղափոխել, սակայն բռնուած էին ՀՀ ԱԱԾ աշխատակիցներու կողմէ:
Թմրամիջոցներու մաքսանենգութեան եւ ապօրինի շրջանառութեան յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործով որպէս մեղադրեալներ ներգրաւուած Հայաստանի քաղաքացիներ Գ.Հ.ի եւ Է.Հ.ի մօտ յայտնաբերուած էր նաեւ 14,800 տոլար ընդհանուր արժէքով 148 հատ 100 տոլարնոց թղթադրամներ, որոնք փորձագէտի եզրակացութեան համաձայն՝ կեղծուած են: Քրէական գործով իրականացուած լայնածաւալ քննչական գործողութիւններու միջոցաւ պարզուած է, որ վերոյիշեալ կեղծուած թղթադրամները Է.Հ.ի գնած է Ագարակի բնակիչ Հ.Բ.էն, որու ինքնաշարժի խուզարկութեան ընթացքին յայտնաբերուած են եւս 1700 տոլար արժողութեամբ կեղծուած թղթադրամներ: