ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռաշա Թուտէյ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա պատասխանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Սուրիոյ վերաբերող նոր գրառումին: Զախարովա անդրադարձած է յատկապէս Թրամփի գրառման այն հատուածին, թէ իր իշխանութեան օրով մեծ աշխատանք կատարուած է տարածաշրջանը «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումէն մաքրելու գծով, սակայն՝ ցարդ Միացեալ Նահանգներուն շնորհակալութիւն չեն յայտնած անոր համար:
«Պարզապէս, տակաւին բոլորը առիթ չեն ունեցած շնորհակալութիւն յայտնելու Ամերիկային՝ Իրաք ներխուժելուն համար, որուն իբրեւ հետեւանք էր, որ մէջտեղ եկաւ «Իսլամական պետութիւն»ը», յիշեցուցած է Զախարովա: