Ձմեռ օրեր,
Երբ փոթորիկն ըլլար մըռայլ,
Ես կ՛երթայի՝ խորն ամայի դաշտերուն,
Ականջ տալու կէս-գիշերուան քրքիջին։
Սլա՞ցքն անոր…
Պերճ ու հպարտ, խաղաղութեամբ մը խորունկ,
Ան կ՛երկարէր արտասուահիւծ աստղերուն՝
Բազուկներն իր հոլանի,
Զերդ պարմանի մ՝իր հարսին.
Գիշերին մէջ կը լսէի կարծես թէ՝
Ձայնն իր զուլալ համբոյրին…
Ինծի համար,
Խորհրդանիշն էր ան Ուժին ու Կեանքին…
Եւ ես հաւատքն ունէի իր անմահութեան…
Փոթորիկին դէմ իր քրքիջով՝
Ան մտածումըս կը հանէր լեռնէ մը վեր…։
***
Անցեալ աշնան,
Օր մը յանկարծ մարդեր եկան
Խորն ամայի այն դաշտերուն,
Կացիններով, պարաններով…
Ուրուականնե՞ր էին կարմիր.
Կը խնդային վըհուկի պէս…։
Հսկայ մուրճովն իր արեւուն՝
Աստուած դարեր աշխատեր էր անոր համար։
Այդ մարդերուն
Քանի մը ժամը բաւեց
Զայն խլելու իր յոգնաբեկ բազուկներէն…
Իր մահէն ետք,
Ա՛լ չգացի, երբ փոթորիկն եղաւ մռայլ,
Խորն ամայի դաշտերուն.
Մտածումս իջեր էր վա՜ր լեռներէն…
***
Հիմա աղուոր գարուն է.
Եւ անցեալ օր,
Մղում մ՛յամառ նորէն քայլերս ուղղեց հո՛ն,
Խորն ամայի այն դաշտերուն.
Եւ յուզումէս ինկայ ծունկի…
Կացինահար ծառն էր նման շիրմաքարի
– Սեւ գերեզման մը խոժոռ, –
Բայց իր կողէն՝
Արծուաթռիչ նիզակներու խրոխտանքով՝
Բարունակներ ժայթքեր էին դէպի երկինք։
Անոնց մէջէն
Նորափետուր թռչուններ ե՜րգ կ՛երգէին…։
ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ