ԱՄՍԹԵՐՏԱՄ.- Չորեքշաբթի, 11 Ապրիլին, Հոլանտայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գարեգին Մելքոնեան իր հաւատարմագիրները յանձնեց Նիտերլանտներու թագաւոր Վիլհելմ Ալեքսանտրին: Այսպիսով նշանակեց, թէ Գարեգին Մելքոնեան սահմանուած կարգով եւ լիազօրութիւններով պաշտօնապէս կ՛անցնի իր պարտականութիւններու կատարման:
«Հայերն Այսօր»ը, յղում կատարելով «Նիտերլանտական Օրագիր»ին՝ կը յայտնէ, որ նոյն օրը Հայաստանի դեսպանութիւնը կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցեցան հոլանտահայ կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Հակիրճ ելոյթով նորանշանակ դեսպանը պատմեց Հաագայի մէջ յատուկ արարողակարգով Noordeinde թագաւորական պալատին մէջ ընդունելութեան, Վիլհեմ Ալեքսանտրին հաւատարմագիրներ յանձնելու եւ անոր հետ շուրջ կէս ժամ ունեցած զրոյցին մասին:
Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ հայ-հոլանտական յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան մասին: Դեսպանը կարեւոր համարեց նաեւ կապը հայ համայնքներուն հետ. ան խոստացաւ մօտէն ծանօթանալ հայ համայնքներու եւ կառոյցներու գործունէութեան: Հայ համայնքի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին դեսպանը եւ յաջողութիւն մաղթեցին անոր։