ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանարպետութեան Ազգային ժողովի ճեպազրոյցներուն ընթացքին, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ իրենք կը խօսէին ոչ թէ անձերու, այլ համակարգի փոփոխութեան մասին:
«Մենք 3 տարի այդ մասին խօսած ենք: Մենք ըսած ենք, որ մեր գործողութիւնները անձերով չենք պայմանաւորեր, մենք չէինք բացառեր նաեւ, որ Սերժ Սարգսեան կրնայ վաղը պաշտօն մը զբաղեցնել», ըսաւ ան:
Ռուստամեան ըսաւ, որ, ըստ սահմանադրութեան, իւրաքանչիւր կէս տարին անգամ մը խորհրդարանը կրնայ անվստահութիւն յայտնել վարչապետին: «1/3ը կրնայ անվստահութիւն յայտնել վարչապետին, իսկ այսօր ընդդիմութիւնը այդքան է», ըսաւ ան:
Ըստ ՀՅԴ պատգամաւորին՝ իրենք Սերժ Սարգսեանէն կ՛ակնկալեն, որ բարեփոխումներու գործընթացը, որ ան ստանձնած է, աւարտին հասցնէ:
«Սերժ Սարգսեանն ալ պիտի ապացուցէ, որ այս փոփոխութիւնները ժողովուրդին համար էին: Ամենավատ տարբերակին պարագային ալ մեր երկիրը կ՛ուղղուի շատ աւելի հաւասարակշռուած իշխանութիւն ունենալու ուղիով: Հիմնական սպառնալիքը, զոր կը տեսնենք, նահանջի չուղղուիլն է այս անգամ ալ նախագահական ճամբով», ըսաւ ան:
Ռուստամեան նաեւ աւելցուց, որ Ազգային Ժողովին յատուկ նիստը պիտի գումարեն, որովհետեւ ի վերջոյ վարչապետը կը ծնի Ազգային Ժողովէն՝ աւելցնելով, որ ան որեւէ «հաւանական խափանում» չի տեսներ վաղուան նիստին գծով:
ՀՅԴի նախարարական պաշտօններուն անդրադառնալով՝ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը ըսաւ, որ հաւանաբար յատուկ փոփոխութիւններ չըլլան:
«Բայց հետագային չեմ բացառեր, որ կառավարութեան մէջ փոփոխութիւններ տեղի ունենան, որովհետեւ այսօր կարեւոր կը նկատուին նաեւ անհատական կառավարման հարցերը, որոնց նախարարներ պէտք է ստոյգ պատասխան տան իրենց ոլորտներու ձեռքբերումներուն համար», նկատել տուաւ ան:
Արմէն Ռուստամեան նոյն ճեպազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ 16 Ապրիլին դիւրութեամբ հասած է աշխատավայր՝ խորհրդարան, հակառակ Երեւանի փողոցներուն մէջ երթեւեկութեան կաթուածահար վիճակին:
«Ես առիթ ունեցայ գնահատելու այն, ինչը տեղի կ՛ունենայ. ընդդիմութիւնը միշտ պիտի փորձէ աշխատիլ օրէնքի շրջանակներուն մէջ, եթէ օրէնքէն դուրս գայ, իշխանութեան առիթ պիտի տայ աշխատիլ թոյլատրելի զինանոցով», ըսաւ ան:
Ըստ Ռուստամեանի՝ իշխանութիւնները կ՛արձագանգեն ըստ անհրաժեշտութեան: Նոյն ատեն ան կոչ ուղղեց ոստիկանութեան զուսպ ըլլալու: «Մենք տեսած ենք օրեր շարունակ փակ փողոցներ, անոնք, ի վերջոյ, բացուած են, հարցը այն է, որ անոնք այնպիսի գործողութիւններ են, որոնք իշխանութեան կողմէ համապատասխան արձագանգի պիտի արժանանան», նկատեց պատգամաւորը:
Ռուստամեան յայտնեց, որեւէ երկրին մէջ նման գործողութիւններ օրինական չեն համարուիր: «Որեւէ տեղ տեսա՞ծ էք, որ կարելի է մտնել, ձայնասփիւռի շէնք գրաւել, գլխաւոր փողոցները փակել, ո՞ր մէկ երկրին մէջ ատիկա թոյլատրուած է, ոչ մէկ պայմանագիրով նման բան թոյլատրուած է», յայտնեց ան:
Ըստ պատգամաւորին՝ Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան դէմ պայքարողները կ՛առաջնորդուին «նպատակը կ՛արդարացնէ միջոցը» սկզբունքով, ինչ որ միշտ վատ հետեւանքներ կ՛ունենայ: