ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մասին Եւրոմիութեան հերթական տեղեկագիրը, ուր բաւական ծանր քննադատութիւններ ու պահանջներ կան իշխանութիւններու հասցէին, արժեւորուած է Թուրքիոյ Հանրապետական կուսակցութենէն հայ երեսփոխան Սելինա Տողանի կողմէ, որ ըսած է, թէ արտակարգ իրավիճակի պայմաններուն տակ անկարելի՛ է յառաջընթաց ակնկալել Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ։
Զեկոյցին մէջ մասնաւոր բաժին մը կայ փոքրամասնութիւններու եւ տարբեր դաւանանքներու հաւաքականութիւններուն մասին, որոնց առնչութեամբ Տողան դիտել կու տայ, որ կան թերի կողմեր։ Տողանի համաձայն՝ տեղեկագիրին մէջ «Կրօնք եւ Պաշտամունք» խորագիրին տակ տեղ կը գրաւէ փոքրամասնութիւններու եւ տարբեր կրօնքներու կացութիւնը։ Ուշագրաւ է, որ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու հարցին առնչութեամբ ոչի՛նչ գրուած է տեղեկագիրին մէջ, հակառակ անոր որ պատրիարքի ընտրութեան հարցով տագնապ մը խնդրոյ առարկայ է ներկայիս։ Ան աւելցուցած է, թէ թաղային խորհուրդներու ընտրութիւններու արտօնութիւն ալ չկայ, սակայն այս մասին եւս բան մը չէ գրուած տեղեկագիրին մէջ։
Եւրոմիութեան տեղեկագիրին մէջ տեղ կը տրուի Սանասարեան խանին։ Այս խանը, որ պետութեան կողմէ բռնագրաւուած կը մնար, վերջապէս 2018ի Փետրուարին, վճռաբեկ ատեանին վաւերացումով՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին վերադարձուեցաւ։ Այս որոշումը դրական զարգացում կը նկատուի։
Խնդրոյ նիւթ կը դառնայ նաեւ փոքրամասնական վարժարաններուն՝ պետութեան կողմէ օժանդակութեան հարցը, ինչպէս նաեւ դասագիրքերու մէջ խտրականութիւն հրահրող նախադասութիւններու գոյութիւնն ու այդ արտայայտութիւնները սրբագրելու հրամայականը։