ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, Հալէպի բերդին մէջ, 17 Ապրիլին տեղի ունեցաւ Սուրիոյ անկախութեան, Հալէպի ազատագրման եւ սուրիական քայլերգի 80ամեակին նուիրուած շքեղ հանդիսութիւն մը, որուն, տեղական խումբերու կողքին, մասնակցեցան «Զուարթնոց» եւ «Նարեկացի» երգչախումբերը, «Շուշի» ու «Սարդարապատ» պարախումբերը, «Կոմիտաս» քառեակը, «Գառնի» պարախումբը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ սիմֆոնիք նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի:
Հանդիսութեան ներկայ էին Սուրիոյ զբօսաշրջութեան ու մշակոյթի նախարարները, Հանրապետութեան մուֆթին, Հալէպի նահանգապետը, Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը, կրօնապետներ, համայնքապետներ, երեսփոխաններ, սուրիացի արուեստագէտներ եւ հոծ բազմութիւն մը: