ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Հազար տարուայ վանք ու խաչքար
Սպասում են մեզ, կանչում անվերջ
Թէ երբ պիտի երթանք մեր Վան
Մեր երկիր Վասպուրական:
1915ի հերոսամարտի եւ ռուս զինուժի նահանջին հետեւանքով, 150,000 վասպուրականցիներու յուլիսեան գաղթէն ետք, նոյն թուականին, նոյն ուժի Արեւմտահայաստի վերագրաւմով, Վան վերադառնալու սկսած ժողովուրդը 1917ի բոլշեվիկներու Հոկտեմբերեան յեղաշրջման եւ ռուս զինուորներու դասալքումով, լքեալ ռազմաճակատը թրքական լայնածաւալ յարձակման միայնակ դիմադրելու անկարող հայկական ուժերու կողմէ, նահանջի պարտադրուցան:
Մարտ 21ին (1918) վասպուրականցին վերջնականապէս լքեց իր հայրենի աշխարհը ու հարկադրուած դիմեց այդ քայլին, որուն հետեւանքը նահանջող ընտանիքներու եւ իրենց շառաւիղներուն համար աղիտալի եղաւ ու ճակատագրական:
Վանի Զինուորական մարմինը, օրուան ղեկավարները Բերկրիի կողմէն, ուրկէ Ռուս սահմանը պիտի դիմէին անցեալի նահանջի նման, իրենց լսած պայթիւններու պատճառը չկարենալով ստոյգ տեղեկանալ, սխալմամբ կիրճը գրաւուած համարելով թշնամիի կողմէ 20,000է աւելի ժողովուրդը կ՛ուղղէ դէպի պարսկական սահման:
Այդպէս, խուճապի մատնուած Զինուորական մարմինը եւ ժողովուրդը, Վանի օրուան կառավարիչ, մեծանուն ազգասէր Կոստի Համբարձումեանի ղեկավարութեամբ, կամաց կամաց կը ջանայ ինքզինք վերագտնել՝ Վանի կառավարութեան անունով Խոյի նահանգապետէն (Խանէն) արտօնութիւն կը խնդրէ նահանջողներուն Խոյի եւ Ջուլֆայի վրայով Երեւան անցնիլ:
Առանց մանրամասութիւններու մէջ մտնելու, յիշատակենք, որ թէեւ զինուորական հարկաւոր զգուշութիւններ առնուեցան դէպի Խոյ տանող ճամբուն, յատկապէս Կոտոլի նեղ կիրճը անցնելուն, սակայն աւազակներու կողմէ, ինչպէս օրինակ քիւրտ Սմկոյի կողմէ համազարկի ենթարկուելով, նահանջի ընթացքը ստիպուած կ՛ուղղուի Սալմաստ:
1918, Ապրիլ 8-10 օրերուն Վասպուրականի յոգնած ու սովահար ժողովուրդի վերջին մնացորդները կը հաւաքուին Սալմաստ՝ պարսկական հողին վրայ, սակայն դրութիւնը հոս ալ ողբալի էր: Սալմաստի քրիստոնեաները՝ հայ եւ ասորի, նմանապէս ենթակայ էին հետապնդող թշնամիի յարձակումներուն: Վերոյիշեալ աննպաստ պայմաններուն մէջ, վասպուրականցիներու մէջ բուռն պահանջ կը ստեղծուի մեկնիլ Սալմաստէն Խոյ եւ դժուար ու զոհեր խլող Խոյ-Ջուլֆա գիծի ճամբով Երեւան անցնիլ: Այս անել վիճակին վերջ կը դնէ թշնամին՝ փորձելով կտրել Սալմաստի ժողովուրդին եւ հոն ապաստանած Վասպուրականցիներու փրկութեան միակ ու վերջին ճամբան դէպի Ուրմիա, որուն իբրեւ հետեւանք տեղի կ՛ունենան յաջող ինքնապաշտպանութեան գործողութիւններ յաջորդ երկու ամիսներուն եւ նահանջի ճամբան կը պարտադրուի դէպի Ուրմիա՝ անկանոն ու շտապ:
Ուրմիա հասնելով, գաղթականները ապահով կարծեցին իրենք զիրենք, բայց շուտով հիասթափուեցան եւ սոսկումի մատնուեցան՝ գտնելով քաղաքը թշնամիի կողմէ գրաւուելու վտանգին տակ: Ուստի, կրկին ինքնապաշտպանութեան գործողութիւններ եւ 60 հազարէ աւելի հայերն ու ասորիները շարունակեցին փախուստը, հասնելով Սուլտուզ ապա Սային Կալա ջոկատ մը անգլիացի զինուորներու հանդիպելով:
Սային Կալան սակայն վասպուրականցիներու համար եղերական դարձաւ, ծպտուած թշնամիի կողմէ Կոստի Համբարձումեանի սպանութեամբ: Թանկագին հայրենասէրի կորուստը ողբալով, անտէր անտիրական հօտի վերածուած վասպուրականցիներու եւ այլոց կարաւանը, անգլիական ջոկատին օգնութեամբ կ՛առաջնորդուի դէպի Համատան՝ Իրաքեան սահմանի ուղղութեամբ: Սահմանագլուխ չհասած կը պարտադրուի զէնքերու յանձնումը անգլիական բանակայիններու կողմէ:
Անգլիացիք ծերերը, հիւանդները եւ փոքրերը կը զատեն կառքերով փոխադրելու համար: Սկիզբը անոնք կը մտադրեն ժողովուրդը տեղաւորել Պարսկաստանի մէջ եւ արդէն մաս մը իսկապէս կը տարուի երկրի ներսերը՝ Սուլթանապատ, թէեւ կարաւան մը կրցած էր Կասր Շիրին գիւղաքաղաքի վրայով սահմանը անցնել եւ տարուած էր Հնետիի անգլիացիներու զօրատեղին (այսօրուան Մուասքար Ռաշիտ կոչուած վայրը):
Շուտով Անգլիոյ զինուորական վերին իշխանութեան որոշումով ընթացքը կը շարունակուի դէպի Իրաք՝ Խանագին, անկէ Պաքուպա երթալու, ուր անապատին մը մէջ, վրաններու տակ կը սկսին տեղաւորելու իրար ետեւէ հասնող ժողովուրդը՝ մաշած եւ հիւծած վիճակի մէջ:
Ամբողջ չորս ամիս կը տեւէ վասպուրականցիներու նահանջն ու տեղէ տեղ փոխադրուիլը Պարսկաստանի մէջ: Տեղին է հոս յիշատակել Պարսիկ ժողովուրդի գնահատելի կեցուածքն ու դիրքը այդ ընթացքին, որ շնորհակալութեան արժանի արարք մըն էր:
Անգլիացիք, Իրաքի մէջ ժողովուրդը զանազան տեղեր տեղաւորելու կամ ի մի հաւաքուած պահելու կարգ մը տարբերակներ նկատի առնելէ ետք, որոշած էին հայերն ու ասորիները մէկ տեղ կեդրոնացնել, ապագային անոնց վերաբերմամբ ըլլալիք կարգադրութիւններու ատեն դժուարութիւններու չհանդիպելու համար: Այդ հիմքով դասաւորելով հայերը ասորիներէն զատուեցան երկու վրան-աւաններու մէջ: Ընդհանուր թիւը կը հասնէր 75 հազարի (25ը հայ եւ 50ը ասորի):
Այսպէս, Վասպուրականէն ետք նահանջով եւ դառն ճակատագիրով Իրաքը դարձաւ հերոս ժողովուրդի կեդրոնական հաւաքավայր, եւ առաջին կայանը՝ Պաղտատէն արեւելք 45 քիլոմեթր հեռու, Պաքուպա կոչուած գիւղաքաղաքին կից, Տիալա գետի աջ ափին ընդարձակ անապատ մը, ուր իրար ետեւէ բարձրացող անգլիական զինուորական մեծ վրաններու տակ շարան շարան եկող բազմահազար հայ եւ ասորի տարագիրները տեղաւորուեցան:
Ապա հայերը տեղափոխուեցան այլ վրանաւան՝ Նահր-Օմար ու յետ-Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի աւարտին մօտ 8000 անձ երեք նաւերով նորանկախ հայրենիք փոխադրուեցան, բայց մնացածը ձգուեցաւ իրեն բախտին: Այդպէս, թէեւ պարտաւորուած իրենց ճակատագիրը իրենք դասաւորել, բայց հերոս ժողովուրդը կառչած մնաց իր ազգային ձկտումներուն, ուր որ ալ հաստատուեցաւ:
Այսօր, հարիւր տարի վտարանդի, կարօտով տոգորուած Վասպուրականի զաւակները միշտ վառ պահած հայրենի բնօրրան վերահաստատուելու իր ուխտը, նորահաս սերունդին փոխանցելով հայրենիքի սէրը, կը դաստիարակէ մայրենին, յաւերժ գոյատեւելու պապենական երդումով:
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Արդարութեան Ճանապարհը Պահանջատիրութիւնն է
Հայ Քոյրերու Վարժարանի Մեծ Ընտանիք
RAVID IT
Մեր 1.5 Միլիոն Նահատակներու Յիշատակին Խունկ եւ Աղօթք
Տոքթ. Յակոբ եւ Լուսի Տիգրանեան