ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Սուգի օր էր Ապրիլ 24ը մինչեւ Մեծ Եղեռնի յիսնամեակը։
Ինչպէս բանաստեղծը ըսած էր՝ 1915ին ազգին կէսը դարձաւ միւս կէսին սգակիրը։ Այդ սգակրութիւնը շարունակուեցաւ սերունդէ սերունդ՝ մինչեւ 1965, շարունակուեցաւ անկէ ալ անդին։
Կրեցինք սուգը մեր անմիջական հարազատներուն՝ քոյրերուն եւ եղբայրներուն, մօր եւ հօր, մեծ մօր եւ մեծ հօր, ինչպէս նաեւ գերդաստանի բոլոր անդամներուն, որոնք անդարձ կորան իրենց բնակավայրերուն իսկ մէջ՝ ջարդարարութեան ամէնէն հրէշային ոճիրներով, ու տարագրութեան ճամբաներուն վրայ՝ ջարդուելով ու հիւծելով անապատի աւազներուն մէջ։
Կրեցինք սուգը նաեւ մեր ղեկավար տարրին՝ քաղաքական գործիչներուն, հոգեւորականներուն, գրողներուն ու մտաւորականներուն, արուեստագէտներուն ու մասնագէտներուն եւ ազգի ամբողջ ընտրանիին, որուն կորուստը կասեցուց քաղաքակրթական այն գործընթացը, որ Զարթօնքի սերունդով ծայր տուած էր հայութեան մէջ։
Սգացինք այլեւ կորուստը մեր սեփական կալուածներուն եւ ինչքերուն, մեր գիւղերուն եւ քաղաքներուն, մեր կերտած հազարամեայ վանքերուն, եկեեղեցիներուն, պատմական յուշարձաններուն, ինչպէս նաեւ ձեռագիր մատեաններուն, մշակութային ամբողջ հարստութեան զոր ստեղծեր էինք այս արեւուն տակ։
Յիսնամեակը անկիւնադարձ մը եղաւ այս առնչութեամբ։
Սուգէն անցանք յիշատակման, ոգեկոչման՝ չմոռնալու յանձնառութեամբ։ Այլեւս ոչ անպայման յիշատակը մեր սեփական հարազատներուն, կամ ոչ միայն անոնց, այլեւ մեր բովանդակ կորուստին՝ անոր ահաւորութեան խոր գիտակցութեամբ։ Ոգեկոչում այլեւս ոչ միայն մեր նահատակներուն, այլեւ կորուսեալ հայրենիքին, որ շատ աւելին էր եւ է քան մէկուկէս միլիոն մեր զոհերը։ Հայ Դա՛տը ձեւ առաւ։
Չմոռնալու պարտաւորութիւնը չէր մե՛րը միայն, այլ համա՛յն աշխարհինը։ Հայոց դէմ ցեղասպանութեան ոգեկոչումը աշխարհին պիտի յիշեցնէր, որ մեզի պատահածը, մեզմէ առաջ եւ մեզմէ ետք ուրիշներուն ալ պատահածը, ու տակաւին պատահողը մարդկութեա՛ն դէմ ոճիր էր ու պէտք չէր կրկնուեր. պէտք չէ կրկնուի։ Ա՛յս պիտի ըլլար մեր առաքելութիւնը 1965_2015, մինչեւ հարիւրամեակը Մեծ Եղեռնի։
Հարիւրամեակին նոր անկիւնադարձ մը կը սպասէր մեզի։
Այո, պիտի շարունակէինք սգալ, պիտի շարունակէինք ալ ոգեկոչել մեր նահատակները՝ հիմա այլեւս սրբացեալ, ու պիտի շարունակէինք անդադար յիշեցնել մարդկութեան, որ պէտք է մարդո՛ւ պէս ապրիլ եւ ոչ գազանի, սակայն անկէ անդին ալ անցնելու պարտաւորութեամբ՝ պիտի մտնէինք պահանջելու փուլը, որովհետեւ արդէն ուրիշ ենք մենք. ոչ միայն սգացող, ոչ միայն յիշատակող, այլեւ պահանջո՛ղ։
Պահանջատէր՝ մեր իրաւունքներուն, պահանջատէր իբր հայ ապրելու ու իբրեւ մա՛րդ ապրելու մեր տարրական իրաւունքին։ Եւ արդէն այստեղ «մեր» ըսելով հասկնալ մա՛րդը, եւ ոչ միայն հայը։
Մեր իրաւունքը՝ այս մոլորակին վրայ իրարու հետ ապրելու խաղաղ ու հաշտ։
Ապրելու ազատ՝ զերծ ամէն տեսակի կաշկանդումներէ ու շղթաներէ։
Ազատ՝ խօսելու մեր լեզուն կամ լեզուները, պաշտելու մեր Աստուածը կամ աստուածները, ստեղծելու մեր գիրն ու գրականութիւնը, երգն ու պարը, մեր բարքերն ու աւանդոյթները, վայելելով նաեւ զանոնք փոխելու, բարեփոխելու եւ զարգացնելու անբռնաբարելի իրաւունքը։
Ազատ՝ ընտրելու քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային մեզի պատշաճ համակարգը, մեր շրջակայքին հետ վարելու առեւտրական թէ մշակութային մեզի նպաստաւոր քաղաքականութիւն, կերտելու սեփական ու հարազատ պետութիւն՝ համահունչ տարածաշրջանի ու աշխարհի քաղաքակրթական ներկայ փուլին, մասնակցելով զայն միշտ բարելաւելու համամարդկային ճիգերուն։
Առ այդ, այս իրաւունքներու յարգումին օրը պիտի ըլլայ այլեւս 24 Ապրիլը։
Իրաունքի՛ օրը՝ եւ ոչ միայն մեզի համար։
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
St. Vincent Jewelry Center
650 S. Hill Street In DTLA
213-629-2124
www.dtlaglam.com
Twitter: @SVJewelryCenter
Instagram: StVincentJewelryCenter
Facebook: SVJewelryCenter
Mr. & Mrs. Meher & Satig Der Ohanessian & Family