Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր Ապրիլ 24 նոր հանգրուան մը կը կազմէ՝ մեր Դատի հետապնդման աշխատանքներուն արդիւնքը կշռադատելու իմաստով։ Այլ խօսքով, իւրաքանչիւր Ապրիլ 24ի օրերուն, հրաւիրուած ենք ազգովին պահ մը կանգ առնելու եւ գնահատականը կատարելու այն քայլերուն, ճիգերուն, զորս ի գործ դրինք նախորդ՝ երկար կամ կարճ ժամանակի վրայ տարածուող փուլերուն, տեսնելու համար, թէ տարուած աշխատանքը մեզ յառաջ տարա՞ծ է, տեղքայլի՞ մէջ ենք, թէ ետքայլ կամ նահանջ ալ արձանագրած ենք՝ կամայ թէ ակամայ։
Ըսինք՝ նման գնահատական կատարելու հրաւիրուած ենք ազգովին, այսինքն՝ պետական-դիւանագիտական, քաղաքական-կուսակցական, համայնքային-յարանուանական եւ մշակութային կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ, մտաւորական, գեղարուեստի կալուածներու, մարզական գետիններուն վրայ, առանց անտեսելու պաշտպանութեան ոլորտը։
Եթէ պահ մը աչքի առջեւ ունենանք անցեալ քանի մը տասնամեակները, յստակօրէն կրնանք տեսնել, որ Ցեղասպանութեան 50ամեակը, անոր յաջորդած՝ ուժական պայքարի փուլը, Արցախեան պայքարը, Հայաստանի վերանկախացումը, հանդիսացած են այն գլխաւոր անկիւնադարձերը, որոնք նպաստած են մեր Դատը յառաջ մղելու։ Այսօր, թէ՛ մեզի համար եւ թէ աշխարհի աչքերուն՝ Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը, մեր կրած բազմատեսակ վնասներուն համայնապատկերը եւ մեր պահանջներուն խորքը ըստ բաւականին շա՛տ աւելի յստակ են ու ճանչցուած, քան, ըսենք՝ 70ամեակէն կամ 50ամեակէն առաջ։ Այս բոլորը՝ շնորհիւ Հայ Դատի հետապնդման ճամբուն ի գործ դրուած հսկայական, երբեմն ալ գերմարդկային ճիգերուն, մանաւանդ այն տարիներուն, երբ զուրկ էինք պետական յենարանէ, եւ անտարբերութեան ու լռութեան պատերուն վրայ ճեղքեր յառաջացնելու համար, հայ քաղաքական միտքն ու երիտասարդութիւնը ստիպուած էր դիմելու կարելի ու անկարելի միջոցներու…
Հիմա, 100ամեակէն ասդին, կը յաւակնինք – եւ արդա՛րօրէն – թէ թեւակոխած ենք նոր փուլ, որ շեշտակիօրէն քաղաքական դիմագիծ ունի եւ մեր դիմաց կը բանայ քաղաքական աշխարհի տարբեր ուղիները, մեզ կը մղէ իրաւական ատեաններու դուռները աւելի՛ ուժգնօրէն բախելու։ Նման մօտեցում պէտք է պատասխաններ բերէ նաեւ այն հարցումին, թէ արդեօք մենք մեզի համար լիարժէքօրէն ու համապարփակ կերպով սահմանա՞ծ ենք, թէ ինչպիսի՞ մանրամասնութիւններ ունինք ի մտի, երբ կը յայտարարենք, թէ մեր պահանջները կը մարմնաւորուին հայապատկան բոլոր հողերուն վերադարձով, մեր կրած մարդկային եւ նիւթական վնասներուն փոխ-հատուցմամբ եւ այնուհետեւ, ամբողջական Հայաստանի մէջ ազատ, անկախ ապրելու եւ բարգաւաճելու մեր իրաւունքներուն յարգումով։
***
Մեր հետագայ մատնանշումները թող մտային չմշկումի փորձ չսեպուին, ոչ ալ անցեալի իրագործումները փոքրատառ տեսնելու փորձութիւն, եթէ արձանագրենք, որ մեր հողային իրաւունքներուն մասին մեր պատկերացումը յաճախ կը մնայ շատ ընդհանրական տարազի մը սահմաններուն մէջ, նաեւ՝ ոչ ամբողջական։ Հողային իրաւունքներ ըսելով՝ մեր մտածումին կիզակէտ ընտրած ենք Սեւրի դաշնագիրով եւ Ուլիսընեան սահմաններով Հայաստանը, որ սակայն մեր արդար պահանջներուն մէկ կարեւոր բաժինն է միայն, ո՛չ ամբողջութիւնը։ Պատմութեան լուսանցքայնացուած էջերը պրպտելով, մեր դիմաց պիտի գտնենք քաղաքական երկարաշունչ ու բազմափուլ աշխատանքի արդիւնք՝ ծաւալուն թղթածրարներ, ուր անթեղուած կը մնան մեր իրաւունքներուն մէկ ստուար բաժինը, հոգ չէ թէ անոնք քաղաքական ու մեծապետական խաղերու-շահերու հետեւանքով թողլքուած են ու փոշիներու տակ թաղուած։
Օրինակի համար, մեր Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ կայ կարեւոր փուլ մը, որ զարգացում ապրած է Սեւրէն ետք, մինչեւ Լօզանի չարաշուք համաձայնագիրն ու անոր յաջորդած տասնամեակները, տարբեր պետութեանց հետ յարաբերութեանց ու բանակցութիւններու, Ազգերու Լիկայի եւ միջազգային համագումարներու եւ ժողովներու մեր մասնակցութեան առընթեր։ Անդրանիկ Հանրապետութեան օրերուն կազմուած Հայաստանի Պատուիրակութիւնն ու Պօղոս Նուպար Փաշայի գլխաւորած Ազգային Պատուիրակութիւնը, ընդհանրապէս գործակցաբար ու երբեմն տարակարծութիւններով, յառաջ տարած են քաղաքական-դիւանագիտական հսկայական աշխատանք, կուտակած են փաստաթուղթեր, համաձայնագիրներու նախագիծեր, որոնք անգնահատելի հիմք կը ծառայեն մեր Դատի իրաւական երեսներուն համար։ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք ալ, այդ աշխատանքները շարունակուած են ու շօշափելի ենթահող գոյացուցած՝ մեր իրաւունքներուն հիմնաւորման իմաստով։ Այսօր մոռցուած կամ լուսանցքայնացուած է «Հայկական Օճախ»ի մը ստեղծման նպատակով տարուած աշխատանքը, յատկապէս Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, մինչեւ Լօզան ու անկէ ետք երկարող շրջանին։ Եթէ պահ մը այդ թղթածրարը քննարկենք Արեւելք-Արեւմուտք յարափոփոխ մրցակցութիւններու եւ ազդեցութիւններու դաշտէն անդին, դժուար չէ տեսնել, որ Խորհրդային Հայաստանի սահմանին անմիջապէս արեւմտեան գօտիին կամ Կիլիկիոյ մէջ «Հայկական Օճախ» մը ստեղծելու մեր ճիգերը ատենին լայն արձագանգ գտած են օրուան մեծ ուժերուն մօտ, այն առումով, որ Ցեղասպանութենէն վերապրող ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԿԻԼԻԿԻՈՅ հայութիւնը, բռնի կերպով հեռացուած իր պապենական հողերէն, գոյատեւելու համար հողի պէտք ունէր, եւ այդ հողը պիտի ըլլար հոն՝ ուր ան ապրեր էր դարերով, իր պատմութեան սկիզբէն ի վեր։
Հետեւաբար, երբ կ՛ըսենք, թէ մեր Դատի ամբողջական պատկերը պէտք է աւելի՛ համապարփակ ու ամբողջական կերպով յստակացնենք ու վերասահմանենք նախ՝ մենք մեզի համար, պետական, քաղաքական թէ մեր Դատին ի խնդիր աշխատանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, ի մտի ունինք պատմութեան էջերուն արձանագրուած նման իրականութիւններ։ Հողահաւաքի հասկացութիւնը չի կրնար ամբողջական ըլլալ, եթէ փաստաթուղթերով վաւերագրուած հողատարածքներ նկատի չառնուին համապարփակ պատկերացումին մէջ։ Այդ ընելու համար, պէտք է մեր քաղաքական միտքին դիմաց յստակօրէն տարածուին այն աշխատանքներն ու համաձայնագիրները, որոնք արձանագրուած են առ նուազն Սան Սթեֆանոյի ու Պերլինի դաշնագիրներէն սկսեալ, կտրած են Արեւելեան Վեց Նահանգներու մէջ ինքնիշխանութեան տարազումի, ապա նաեւ՝ Ա. Աշխարհամարտի վերջին շրջանին՝ Կիլիկիոյ մէջ արեւմտեան հոգատարութեան տակ ինքնիշխան հայկական կառոյցի մը բիւրեղացման փուլերը, իբրեւ արդար հատուցում՝ Ցեղասպանութենէն վերապրող կիլիկեցիներուն ու Դաշնակիցներուն կողքին կռուած Հայկական Լեգէոնին. նոյն գիծը մեզ կը հասցնէ նաեւ Բ. Աշխարհամարտի վախճանական օրերը՝ Կարսի ու Արտահանի հայութեան վերադարձի մասին Խորհրդային Միութեան կարճատեւ հետաքրքրութիւնը, ու անկէ ալ ասդին…։ Մէկ խօսքով, այսօր, երբ մեր ուշադրութիւնը առաւելաբար կեդրոնացուցած ենք Արցախի ու Ուիլսընեան քարտէսով պատկերուող տարազներուն վրայ, պէտք է մեր պահանջատիրական գիտակցութեան մէջ ամրագրուին բոլոր այն հողերն ու հատուցման պահանջները, որոնք կը կազմեն մեր Դատին համապարփակ սահմանները։ Չենք կրնար բաւականանալ մասնակի, մեզ պատմութենէն խզող տարազումներով։
Նորութիւն չէ կասկածի այն զգացումը, որ մեր միտքերուն մէջ հարցումներ ստեղծած է առաւելաբար արտաքին «ներշնչումներով». գիտակցելով հանդերձ մեր իրաւունքներուն տարածքը, նաեւ չափելով մեր ուժերն ու աշխարհի դրուածքը, հարց կու տանք. մեր ուժը կը բաւէ՞ նման տարողութեամբ ու ծաւալով պահանջներ դնելու մեր թշնամիին ու աշխարհի արդարադատ հեղինակութիւններուն, որովհետեւ իրապաշտութիւնը կը թելադրէ գիտակցիլ, թէ աշխարհը տարբեր լեզու կը խօսի, մեր արդար պահանջատիրութեան տրամաբանութիւնը առայժմ համահունչ չէ անոր տրամաբանութեան։ Նոյն գիտակցութիւնը մեզի կը յուշէ, որ նման հարցումի մը պատասխանը այսօր յուսատու չէ։ Միւս կողմէ, սակայն, քաղաքական հեռատեսութիւնը կը թելադրէ, որ նման հորիզոն տարածելով մեր պահանջատիրութեան դիմաց, կրնանք ընդունիլ, թէ նման պահանջ անտեղի չէ, թէեւ այդ նպատակով ճամբայ ելլելով՝ վաղը-միւս օր պիտի չմտնենք անոր իրականացման ճամբուն մէջ։ Սակայն գոնէ մենք՝ հայերս, պետական, քաղաքական ու ժողովրդային մակարդակներու վրայ, պէտք չէ խորշինք նման հայեացքով դիտելէ մեր իրաւունքներուն համայնապատկերը, լաւապէս ծանօթանանք բոլոր ծալքերուն ու կուտակուած թղթածրարներուն մանրամասնութեանց, զանոնք դիտենք իբրեւ մէկզմէկ լրացնող ամբողջութիւն, անկախ այսօրուան աշխարհին ընձեռած կարելիութիւններէն ու կամ խոչընդոտող անկարելիութիւններէն։ Նման ամբողջական մօտեցում մեր գործը կը դնէ աւելի՛ ամուր հիմերու վրայ, քան, օրինակի համար, մտածելով, որ պէտք է առաւելաբար կեդրոնանալ Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին կամ միայն 50ամեակէն ասդին տարուած աշխատանքներու վրայ։ Շէնքը կարելի չէ անջատել հիմէն ու խարիսխէն։
Մեր իրաւունքներուն, հիմնականին մէջ հողայի՛ն իրաւունքներուն մասին նման համայնապատկերի բիւրեղացում մեզ համապատասխան կերպով պիտի առաջնորդէ անոր իրականացման տանող հեռահաս ծրագիրներու մշակման ու զանոնք հանգրուան առ հանգրուան իրականացնելու ճիգի, առանց անտեսելու նիւթական եւ այլ փոխհատուցումներու երեսը։ Արցախեան պայքարի շղթայազերծումէն քանի մը տարի առաջ, որո՞ւ միտքէն կ՛անցնէր, որ այսօր, 30 տարի ետք, Արցախի մեծ մասը ազատագրուած պիտի ըլլար եւ իրողապէս վերամիացած՝ մայր հայրենիքին…։ Չենք ուզեր այստեղ երկարօրէն մեկնաբանել ու վերլուծել այն շօշափելի տուեալները, որոնք մեզ առաջնորդեցին Արցախի ազատագրման. շատ լաւ գիտենք, որ բնիկ հայ ժողովուրդէ զուրկ հողամասերու վերադարձը շա՛տ աւելի դժուար է, սակայն ամբողջական ծրագիրի մը մշակումը, եւ մեր ազգի ու հայրենիքի իւրաքանչիւր «հատուած»ին՝ անոր մէջ դերակատարութեան մը վերապահումը, հայութեան տարբեր բազուկներուն միջեւ գործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելը մեր դիմաց կը կանգնին իբրեւ ազնուագոյն մարտահրաւէր, իբրեւ քաղաքական լիարժէք ծրագիր, վախճանակէտը աւելի յստակացնող տարազ։
Սա բնականաբար կ՛ենթադրէ բարեշրջում բերել հայութեան հատուածներուն, կամ մինչեւ իսկ միեւնոյն հատուածի մը ներքին խմբաւորումներուն միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւնը տկարացնող իրավիճակներուն մէջ։ Կը կարծենք, թէ պէտք չունինք յամենալու մեզ ազգովին ու իբերւ ազգը կազմող միաւորներ տկարացնող, թուլութեան մատնող ու, հետեւաբար, հայրենավնաս վիճակներուն վրայ, որոնք յաճախ զգալի են առանց արտայայտուելու, երբեմն ալ արտայայտութիւն կը գտնեն բուռն հակաճառութիւններով։ Հակաճառութիւնը, քաղաքական վէճը վնասակար բաներ չեն, սակայն պէտք է ծառայեն ընդհանուր յառաջխաղացքի, եւ ոչ թէ անհատական ու որոշ խմբաւորումներու շահերուն կամ անոնց վնաս հասցնելուն…
***
Համապարփակ եւ ամբողջական ծրագիրի մը մշակումը մէկ օրուան կամ կարճ ժամանակի մէջ մարմին առնող բան չէ։ Եւ ահա հոս ալ կը ծագի մեր ուսումնասիրական աշխատանքերուն որակական բարեփոխում բերելու հրամայականը։
100ամեակէն առաջ, 100ամեակին թէ այնուհետեւ, մինչեւ այսօր ալ, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, մէկէ աւելի ոլորտներու եւ հեղինակաւոր բերմերու կողմէ նախաձեռնուած են գիտաժողովներ եւ ուսումնասիրական-զեկուցական խորհրդաժողովներ։ Քննարկուած են ու կը քննարկուին Հայոց Ցեղասպանութեան գրեթէ բոլոր ծալքերը. դրդապատճառներ, հետեւանքներ, թրքական ոճիրին անպատիժ մնալուն այն երեսը, թէ հետագայ ցեղասպանութիւններ քաջալերանք ստացած են նման անտարբերութենէ. քննարկուած են Ցեղասպանութեան մարդկային, հոգեբանական եւ միտքի մարդոց մտածողութեան սահմաններուն մէջ ինկող շատ մը այլ ոլորտներ, անոնց ազդեցութիւնը՝ Ատրպէյճանի երէկի ու այսօրուան վարմունքին վրայ։ Այս բոլորը անկասկած որ կարեւոր են ու խորապէս ուսանելի, մեզ հաղորդ կը պահեն պատմագիտական եւ ընկերաբանական աշխարհներու «իշխաններուն» հետ, հիմք կը ծառայեն մեր իրաւունքներուն հետապնդման, փաստարկումին։ Սակայն պէտք է մենք մեզի հետ անկեղծ ըլլանք եւ ընդունինք, որ ցարդ անոնցմէ չէ ծնած ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ հասկացութեամբ շօշափելի արդիւնք։ Այս հաստատումը չի միտիր նսեմացնելու կամ արժեզրկելու յիշեալ աշխատանքները, այլ մեր նպատակն է շեշտել, որ Դատի հետապնդումը քաղաքական-իրաւական դաշտ փոխադրելու եւ հոն յառաջխաղացք արձանագրելու համար, պէտք է մշակենք ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅՍՏԱԿ ԵՒ ԸՆԴԳՐԿՈՒՆ ՕՐԱԿԱՐԳ, անոր մշակումին մասնակից դարձնենք հայութեան կեանքը մարմնաւորող բոլոր կարողականութիւնները, սկսելով պետութենէն ու կուսակցութիւններէն, անցնելով համայնքային իշխանութիւններէն ու հասնելով մեր հասարակական կեանքի բոլոր ենթաբաժանումներուն։
Նման ծրագիր ինքնաբերաբար կը ստեղծէ առաջադրուած աշխատանքներուն փուլերու ճշդումը, իւրաքանչիւր «անդամ»ի կարողութեանց ու կարելիութիւններուն համապատասխան գործի սահմանումը, բայց մանաւանդ բոլորին միջեւ համակարգուած ու համադրուած աշխատանքի յառաջացումը, առանց անտեսելու մեզմէ դուրս տարածուող աշխարհի իրականութիւնները։ Փաստօրէն, մինչեւ այսօր, տարբեր ոլորտներու մէջ մշակուած ու հրապարակ նետուած աշխատանքները շատ թոյլ կերպով աղերսակից են իրարու, կարծէք թէ մեզի համար ստեղծուած ըլլար «ձախ ձեռքդ թող չգիտնայ թէ աջդ ինչ կ՛ընէ» թելադրանքը (որ իր սկզբնական բովանդակութեան մէջ սքանչելի է)։ Օրինակի համար, Հայաստանի պետութիւնը, իր դիւանագիտական եւ այլ մեքենաներով, յաճախ կը գործէ «խորհրդապահական» ձեւով, այսինքն, անոր առած քայլերուն մեծ մասին ժողովուրդը տեղեակ կ՛ըլլայ իրականացումներէ ետք (կ՛ընդունինք, որ պետական մակարդակի վրայ որոշ աշխատանքներ պէտք է որոշ քօղարկումով ըլլան. ծրագրում ու համակարգում ըսելով՝ նման ոլորտներու չենք ակնարկեր)։ Հայ Դատի յանձնախումբերը նմանապէս մասնակի համակարգում ունին պետական-դիւանագիտական կառոյցներու հետ, նոյնը՝ եկեղեցական հաստատութեանց պարագային։ Ալ ի՜նչ խօսք՝ այլ ոլորտներու, օրինակ, գիտաշխատողներու, գրողներու, արուեստագէտներու մասին, ուր երբեմն ինքնագլուխ քայլ մը իսկ երանութեամբ կը դիտենք եւ յուսախաբութիւն ալ կ՛ապրինք, երբ լաւ սկիզբ առած նախաձեռնութիւն մը կը մնայ անհետեւանք, կը մսխուի ապարդիւն։
Մինչդեռ, ընդգրկուն եւ հասարակաց ծրագիրով մշակուած օրակարգ մը մեզ՝ ազգովին՝ իբրեւ պետութիւն ու անոր զուգահեռ գործող միաւորներ, շա՛տ աւելի զգօն ու պատրաստ պիտի պահէ մեզ շահագրգռող, մեր Դատին հետ աղերս ունեցող իրադարձութեանց հետ, մեզ դուրս պիտի բերէ յաճախ կրաւորական դիտողի վիճակէ, թէեւ պիտի չերաշխաւորէ մեր առնելիք քայլերուն բացարձակ յաջողութիւնը։ Գիտակից պատասխանատուութեան մը բաժնեկցութիւնն ալ յառաջխաղացք կը նշանակէ վստահաբար։
Կ՛արժէ՞ խօսիլ մանր օրինակներով. վերջին տարիներուն, աւելի՛ հանդիսատեսի դիրք ունեցած ենք, քան գործի լծուած՝ երբ առիթներ ներկայացած են մեր թշնամիին՝ Թուրքիոյ պետութեան ոճրային ու ծաւալապաշտական քայլերը բացայայտելու ու զայն աշխարհին առջեւ հաշուետուութեան կանչելու իմաստով, (Արցախեան ապրող պայքարը համեմատաբար աւելի բարեյաջող վիճակի մէջ դրած է մեր պայքարին արեւելեան բաժինը), հակառակ իսլամի անունով հրապարակ եկած ծայրայեղական զինեալ խմբաւորումներու շռայլուածաջակցութեան. Իրաքի, Սուրիոյ ու մինչեւ իսկ իր աւանդական ու նոր դաշնակիցներու նկատմամբ աղաղակող ոտնձգութիւններու դիմող Էրտողանի Թուրքիան իր դիմաց չգտաւ հայ պետական-քաղաքական համակարգի հակազդեցութիւնը, այնպիսի տարողութեամբ, ինչպէս ակնկալելի էր. մամուլը կատարեց որոշ դեր, Նիւ Եորքի մէջ Թուրքիոյ նախագահին թիկնապահներուն յելուզակութիւնը ստեղծեց կարճատեւ շարժում եւ անոր ելքն ալ ծանօթ է բոլորիս…։ Կարելի է օրինակներու շարքը երկարել, արձանագրելով Գերմանիոյ խորհրդարանին վրայ ազդելու թրքական փորձը, կամ, մեր անմիջական դատէն անդին, իր իսկ մասնակցութեամբ ստեղծուած՝ միջին արեւելքցի բռնագաղթուածներուն տագնապը չարաշահելու եւ եւրոպական երկիրներ իրողապէս կողոպտելու Անգարայի բազմահանգրուան քայլերը։
***
Մեր Դատին հետապնդման համար, քաղաքական լիարժէք ու համապարփակ օրակարգի մը մշակումը կը ստեղծէ նաեւ այլ՝ ներ-ազգային հարկադրանքներ, որոնցմէ մաս մը կարելի է համախմբել մեր այսօրուան կարգ մը ախտերուն դարմանումի խորագիրին տակ։
Խօսինք քանի մը տխուր իրականութեանց եւ երեւոյթներու մասին։
Հայկական հողերու հաւաք, շատ մը բաներու կողքին, կ՛ենթադրէ հայութեան համախմբումն ու բազմացումը այսօրուան մեր հայրենիքին մէջ։ Հայաստանը, ըստ նման ծրագիրի, պէտք է որոշ ժամանակի մէջ ունենայ բնակչութեան այնպիսի թիւ մը, որ ներկայի հողերը սկսին անբաւարար թուիլ բնակչութեան ապրուստի, զարգացման ու բնական աճի կարիքներուն դիտանկիւնէն, աւելի՛ եւս շեշտուի հայութեան պատկանող հողերուն վերադարձի, մանաւանդ արտաքին աշխարհին հետ ուղղակի հաղորդակցութեան ուղիներ բանալու անհրաժեշտութիւնը։ Վերջին տասնամեակներուն, Թուրքիոյ պետական մէկէ աւելի վարիչներ յոխորտանքով յայտարարած են, թէ Թուրքիա հայերուն տալիք հող չունի, կամ՝ «եթէ ուժ ունին, թող գան եւ առնեն…»։ Այսօրուան աշխարհը, ճիշդ է, լայն հող կը տրամադրէ թրքական այս մտածողութեան, երբ Արեւելքն ու Արեւմուտքը աւելի շահագրգռուած են Թուրքիան դարպասելով ու անոր բազմերես ոճիրներուն վրայ աչք գոցելով, սակայն մեր իսկ փորձառութիւնները ցոյց տուած են, որ այդ «ճշմարտութիւնը» միշտ ի զօրու չէ, կան այլ ընտրանքներ, կայ քարտէսներու փոփոխութեան հաւանականութիւնը, ինչպէս պատահեցաւ Ա. Աշխարհամարտի վախճանին, իսկ աւելի ուշ՝ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, Կովկասի մէջ եւ այլուր, վաղն ալ նման հաւանականութիւններու դուռ կրնայ բացուիլ. քիւրտերուն վերջին տարիներու դառն փորձառութիւնն իսկ կրնայ վախճանական չըլլալ։ Հետեւաբար, առաջադրուած ծրագիրին կազմութիւնը մեզ եւս պատրաստ կացութեան մէջ պիտի դնէ՝ լաւագոյնս օգտուելու համար աշխարհի ու մեր շրջանի ռազմաքաղաքական նոր ալիքներէն։
Սակայն ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ մեր այսօրուան Հայաստանի մէջ, ուր կայ այլ կարեւոր նախադրեալ մը։ Կ՛ապրինք Հայաստանի պարպումի դանդաղ հոլովոյթ մը, վերջ չունեցող արտագաղթի հոսանքը, որ տագնապի մատնած է մեզ։ Մինչդեռ, Հայաստանի մէջ բնակչութեան աճ ապահովելու համար, կենսական է ու անյետաձգելի՝ այժմու վիճակին հիմնական բարեշրջումը։ Արդէն երկուք ու կէս տասնամեակէ ի վեր կը հոլովենք ու կը կրկնենք, որ մասնակի շահերու, փտածութեան, չարաշահութիւններու վիճակին վերջ պիտի տանք, իշխանութեան նոր ձեւ որդեգրելով՝ ժողովրդավարութեան ճամբուն վրայ յառաջընթաց պիտի արձանագրենք։ Բնականաբար կարելի չէ անտեսել կարգ մը բարեփոխութիւններ. այլ երկիրներու հետ յարաբերութեանց զարգացում, Արցախի ուղղութեամբ հողի ընդարձակում, Երեւանի ու այլ փոքր տարածքներու ֆիզիքական բարեփոխութիւն, սահմանին վրայ ազատ գօտիի նման ծրագիրներ եւ այլն։ Այս բոլորը չեն կրնար իբրեւ սոսկական բարենիշ արձանագրուիլ իշխանութեան անուան դիմաց, որովհետեւ, ի վերջոյ, այս բոլորը մաս կը կազմեն ո՛րեւէ իշխանութեան տարրական պարտաւորութեանց, անոր համար ոեւէ մէկը շքանշանի ակնկալութիւն պէտք չէ ունենայ։ Փաստօրէն, ինչպէ՞ս կարելի է կոյր ձեւանալ միւս երեսին հանդէպ, որ ցոյց կու տայ, թէ խոստացուած բարեկարգումները առաւելաբար կը մնան խօսքի սահմաններու մէջ, դէմքերու փոփոխութիւնը կամ… անփոփոխ մնալը ակնկալուած ու խոստացուած բարեշրջումը չի բերեր. արտագաղթի, անվերադարձ մեկնողներու եւ հայրենալքումի հոսանքները կը մնան պերճախօս «ջերմաչափ»։
Անոր զուգահեռ, ու բոլորիս յայտնի պատճառներով ու դրդապատճառներով, նաեւ՝ ծանօթ օրակարգերու հետեւանքով, լծուած ենք… մենք մեզի դէմ կռուելու, սին կամ հիմնաւորեալ հակաճառութիւններու, մինչեւ իսկ նոյն կուսակցութեան մէջ հակամարտութիւններ ստեղծելու մոլուցքին։ Կարգ մը կուսակցականներու եւ կուսակցութեանց մօտ ակներեւ է անհատական օրակարգերը հաւաքականին գերադաս նկատելու շուկայական տրամաբանութիւնը, որ նորատեսակ վարակի կը վերածուի. այսօր, անձ մը կուսակցութեան մը ճամբով կը գրաւէ պետական պատասխանատու դիրքեր, յետոյ յանկարծ, չես գիտեր (…՞…) մոգական գաւազանի մը ի՛նչ հպումով, ան կը գլորի գրաւած բարձունքէն ու յաջորդ օրը կը հեռանայ կուսակցութենէն, կրնայ ծփալ այլ կուսակցութեան մը կամ խմբաւորումի մը լիճին վրայ, մինչեւ անգամ քաղաքական խմբաւորում մը անուանափոխութիւն կ՛ապրի, առանց ետ կենալու իր էական -եւ միշտ մասնակի- շահերուն հետապնդումէն, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս կը պատահի… ֆութպոլի կամ պասքեթպոլի աշխարհին մէջ, ուր փայլող աստղ մը այս ակումբէն կը ցատկէ այլ ակումբ մը, հիմնականին մէջ աւելի շահաբեր առաջարկի մը ընդառաջելով. մինչդեռ պետական-քաղաքական աշխարհը չի կրնար շարժիլ ու յառաջընթաց արձանագրել զուտ շուկայական եւ վաղուան հորիզոնները աչքաթող ընող տրամաբանութեամբ, որքան ալ որ տարբեր երկիրներու մէջ այս «տրամաբանութիւնը» ծաւալ ստանայ եւ հրուի ժողովուրդներու կոկորդն ի վար։
Այս իրականութիւնը, սակայն, յաւելեալ խթան պէտք է ըլլայ մեզի համար, որպէսզի անվհատ, միահամուռ ճիգերով ու աննահանջ կամքով նետուինք մեր արդար պահանջներուն իրականացման տանող յառաջիկայ դաշտերուն մէջ, առանց պատանդը մնալու ժամանակին ու աշխարհի հզօրներուն այլանդակ հաշիւներէն ծագող կաշկանդումներուն, հիմա՝ երբ ձերբազատած ենք նաեւ փրոթոգոլներուն իբրեւ թէ սանձող կապանքներէն…։ «Տկար ենք»ի, «աշխարհը այսպէս է»ի եւ նմանօրինակ ճշմարիտ ու շինծու արգելակումներ պէտք է վանենք հեռու, եւ սեփական կարողութիւններու լարումով ծրագրենք մեր ընդգրկուն գործը, արդարացնելու համար քաղաքական-իրաւական փուլ անցած ըլլալու արդար յաւակնութիւնը։ Նոյնքան կարեւոր է նաեւ առաւելագոյն չափով ձերբազատիլ մեր փրկութիւնն ու Դատին լուծումները այլ ուժերու կամքէն կախեալ տեսնելու հոգեվիճակէն, այլ սեփական օրակարգ իրականացնելու համար, առաւելաբար վստահինք մեր սեփական բազուկին։ Պատմութեան հեռաւոր կամ մօտիկ փուլերը բազմաթիւ վկայութիւններ ունին այս իմաստով։
***
…Դարեր առաջ, փիլիսոփայ մը, իր գոյութի՛ւնն իսկ տարակուսելի գտնելէ ետք, հասաւ գեղեցիկ ճշմարտութեան մը ու յայտարարեց. «Կը մտածեմ՝ ուրեմն կամ»։ Նոյն տրամաբանութիւնը այսօր եւ մի՛շտ ի զօրու է արդար իրաւունք հետապնդող որեւէ ժողովուրդի համար, որ կրնայ պահ մը մինչեւ իսկ կասկածիլ իր կարողութիւններուն վրայ։
Ապրիլ 2018
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւն
ԱԼԻՍ ՆԱՒԱՍԱՐԳԵԱՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔ
ARARAT ADHC
Management, Employees and Participants
Տնօրէնութիւն, Պաշտօնէութիւն եւ Տարեց Մասնակիցներ
VICTORY ADHC
Management, Employees and Participants
Տնօրէնութիւն, Պաշտօնէութիւն եւ Տարեց Մասնակիցներ
VREJ PASTRY
1074 N. Allen Ave.,
Pasadena
626-797-2331
11148 Balboa Blvd.,
Granada Hills
818-366-2526