Ռուսիոյ բանակի սպայակոյտի պետ Վալերի Կերասիմով Ապրիլ 19ին այցելած է Պաքու, ուր հանդիպում ունեցած է հոն գտնուող՝ Եւրոպայի մէջ ՆԱԹՕի ուժերու գլխաւոր հրամանատար, ամերիկացի զօրավար Քըրթըս Սքափարոթիի հետ: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ կողմերը քննարկած են եւրոպական շրջանին մէջ ՆԱԹՕի եւ Ռուսիոյ զինուորական գործակցութեան, փոխադարձ վստահութեան մակարդակը բարձրացնելու եւ անախորժ միջադէպերու կանխարգիլման վերաբերեալ հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.