Հայաստանի վարչապետ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին արձագանգած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարոժեճան խօսնակ Մարիա Զախարովան, որ իր ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջի վրայ արձանագրած է հետեւեալը.
«Այն ժողովուրդը, որ իր պատմութեան նոյնիսկ ամէնէն բարդ պահերուն, հակառակ սուր հակասութիւններուն՝ իր մէջ չպառակտուելու եւ իրար նկատմամբ յարգանքը պահպանելու ուժ կը գտնէ, մեծ ժողովուրդ է: Հայաստան, Ռուսիան միշտ քեզ հետ է»: