ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երկուշաբթի, 30 Ապրիլին, Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վես Միչըլ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի հետ: ՔՊ մամլոյ քարտուղար Տիգրան Աւինեան այս զրոյցին վերաբերեալ հրապարակեց հետեւեալ տեղեկագրութիւնը.
«Նրանք քննարկեցին Հայաստանում ընթացող քաղաքական գործընթացը եւ թէ ինչպէ՛ս են լուծում գտնում Հայաստանի ժողովուրդը եւ նրանց խորհրդարանական ներկայացուցիչները: Պետքարտուղարի տեղակալ Միտչելը շեշտեց, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը վստահ է, որ ընթացիկ իրավիճակը խաղաղ հանգուցալուծում կ՛ունենայ՝ ըստ Հայաստանի սահմանադրութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան: Նշելով, որ ուշադիր հետեւում է հայաստանեան իրադարձութիւնների ընթացքին՝ պետքարտուղարի տեղակալ Միտչելը ցոյցերի խաղաղ բնոյթի հետ կապուած կրկին գովեստով արտայայտուեց Հայաստանի ժողովրդի մասին եւ յոյս յայտնեց, որ թէ՛ անվտանգային ուժերը, թէ՛ խաղաղ ցոյցերի իրենց իրաւունքն իրացնողները կը շարունակեն զերծ մնալ բռնութիւններից: Նա նաեւ նկատեց, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը պատրաստ է սերտօրէն գործակցել Հայաստանի նոր կառավարութեան հետ՝ նպատակ ունենալով ի շահ երկու երկրների առաւել ամրապնդել տասնամեակների պատմութիւն ունեցող հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները»:
Նշենք, որ ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Հիտըր Նոյերթի, իր կարգին, Հայաստանի իրավիճակի վերաբերեալ հրապարակեց յայտարարութիւն մը: Ստորեւ սոյն յայտարարութիւնը.
«Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ ուշադիր հետեւիլ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին: Իբրեւ Հայաստանի բարեկամ՝ մենք բոլոր կողմերուն կը յորդորենք իրականացնել բարեխիղճ բանակցութիւններ՝ Սահմանադրութեան հիման վրայ նոր կառավարութեան ձեւաւորման շուրջ եւ հասնիլ այնպիսի հանգուցալուծման, որ կ՛արտացոլէ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն շահերը: Մենք կը պաշտպանենք բոլոր կողմերուն միջեւ երկխօսութեան նպաստելուն ուղղուած նախագահ Սարգսեանի աշխատակազմի շարունակական ջանքերը: Մենք կը շարունակենք գոհունակութեամբ արտայայտուիլ ցոյցերու խաղաղ բնոյթին վերաբերեալ եւ համոզուած ենք, որ յառաջիկայ օրերուն անվտանգութեան ուժերն ու խաղաղ ցոյցերու իրենց իրաւունքը իրականացնողները կը շարունակեն զերծ մնալ բռնութիւններէ: