Ասկերանի շրջանի Ներքին Սզնէք համայնքին մէջ վերակառուցուած է սրբավայրը. անիկա իրականացած է համագիւղացի ստեփանակերտաբնակ Պելլա Աթայեանի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ:
Այս մասին, ըստ «Արցախփրէս»ի, յայտնած է Ներքին Սզնէքի համայնքի ղեկավար Էդուարդ Մուսայէլեան:
Ըստ անոր՝ շինարարական աշխատանքները սկսած են Փետրուարին:
Խօսելով կատարուած աշխատանքներուն մասին՝ Է. Մուսայէլեան նշեց, որ սրբավայրին տարածքը սալահատուած է, կառուցուած են եզրային քարեր, տանիքածածկուած է եւ հին խաչքարին փոխարէն կառուցուած է նորը:
Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ համայնքին մէջ կ՛ընթանան գիւղամիջեան աղբիւրի կառուցման աշխատանքներ. աշխատանքները կը գտնուին աւարտական փուլին մէջ: