ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ըսին, որ յեղափոխութիւններու ժամանակը անցած է եւ թէ Հայաստանի մէջ հարցեր չեն լուծուիր յեղափոխութեան ճամբով…
Մեր ժողովուրդին վախցուցին, որ մեզ շրջապատող թուրքն ու ատրպէյճանցին անմիջապէս կը յօշոտեն Հայաստանն ու հայութիւնը, եթէ քաղաքացիական անհնազանդութեան՝ նոյնիսկ խաղաղ ըմբոստացման ճամբով մեր ժողովուրդը ոտքի ելլէ իր փճացած եւ բռնակալ իշխանաւորներուն ու զանոնք պահպանող ստուերային ուժերուն, այլեւ շահագործող ցեցերուն դէմ։
Շեփորեցին, որ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին մէջ եզակի ներդրում ունեցած է Սերժ Սարգսեան եւ հարկ է պետութեան ղեկին զայն պահել՝ ի հարկին սահմանադրութիւն փոխելով եւ անոր աւարտած երկու շրջան պաշտօնավարութեան իրաւունքին վերանորոգումն ու երկարաձգումը «օրինականացնելով»…
Ուրիշ բաներ ալ ըսին եւ ամէն աղբիւրէ ջուր բերին արդէն հիմա պատմութեան անցած Հին Հայաստանի «դրօշակիր», իմա՛ մակաբոյծ վերնախաւին շահատակները, հաւասարապէս թէ՛ իշխանաւորի եւ թէ ընդդիմադիրի դիրքերէն։
Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
Եղա՛ւ ժողովուրդին յաղթանակը։
Եղա՛ւ վերածնունդը հայկական յեղափոխութեան։
Եղա՛ւ շղթայազերծումը Նոր Հայաստանին։
Գիտենք եւ ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Հայաստանի ժողովուրդին ազատ կամքը ամէն կարգի ընտրական մեքենայութիւններով չարափոխած եւ Ազգային ժողովը բռնագրաւած Հին Հայաստանի սերժ-սարգսեանական պատգամաւորական խաժամուժը տակաւին իր ձեռքին մէջ կը պահէ պետական-կառավարական հազարումէկ լծակներ, որպէսզի փորձէ խոչընդոտել ու արգելակել ըմբոստացած մեր ժողովուրդին եւ յատկապէս պայքարի դաշտ նետուած հայ երիտասարդութեան մերօրեայ յեղափոխական յաղթարշաւը։
Տեսանք եւ պատճառ չունինք անակնկալի գալու, որ Ազգային ժողովի սերժ-սարգսեանական նորակազմ մեծամասնութիւնը դէմ քուէարկեց վարչապետի համաժողովրդական թեկնածուին ընտրութեան։
Յանցագործ եւ համաժողովրդական դատաստանի եւ արդար պատիժի արժանի իշխանութեան մը վերջին՝ հիւանդագին գալարումներն են ասոնք, որոնք թէեւ յուսահատական են եւ ի վերջոյ դատապարտուած են պարտութեան՝ ժողովրդային ճնշումի ալիքին տակ, բայց նաեւ միաժամանակ ահաւոր ու ողբերգական հետեւանքներու սպառնալիքին տակ կը դնեն Նոր Հայաստանն ու բացառապէս օրինական ու խաղաղ ճանապարհով յառաջ շարժող վերածնեալ հայկական յեղափոխութիւնը։
Անշուշտ կը գիտակցինք, որ ժողովուրդի եւ հանրապետութեան կեղեքումով իրենց կառուցած փարթամ ապարանքներուն մէջ յղփացած նստած՝ Հին Հայաստանի իշխանաւոր վարչախումբին առաջնորդները այսօր կը խաղարկեն ժամանակի գործօնին վրայ։ Սերժ-սարգսեանական ճամբարէն կը տրուին սպառնական ազդանշաններ, թէ Հին Հայաստանի «տէրեր»ը վճռած են ամենայն հանգստութեամբ օրէնսդիր իշխանութիւնը իրենց սեփական ձեռքերուն մէջ պահել… մինչեւ որ ժողովրդային շարժումը յոգնի, կամաց-կամաց կծկուի եւ երէկի իշխանաւորներուն վրայ թուլանայ վերածնեալ յեղափոխութեան ահեղ ճնշումը։
Այո՛, Նոր Հայաստանը իր առաջին ծանր քննութիւնը պիտի յանձնէ Ազգային ժողովի Մայիս 1ի անփառունակ քուէարկութենէն ետք։
Վերածնեալ հայկական յեղափոխութիւնը վերանորոգ թափով իր ձեռքին մէջ պիտի պահէ ժամանակի գործօնը եւ պիտի գտնէ օրինական ու խաղաղ այն ճանապարհը, որուն շնորհիւ ի վիճակի պիտի ըլլայ ժողովուրդի կամքին հաշուետու եւ ենթակայ դարձնելու այսպէս կոչուած խորհրդարանական մեծամասնութիւնը՝ ե՛ւ հաւաքաբար, ե՛ւ անհատաբար։
Աշխարհասփիւռ հայութեան հետ աշխարհի քաղաքական կեանքը հունաւորող եւ հակակշռող մեծապետական ուժերը եւս կ՛անդրադառնան, որ Նոր Հայաստանի վերածնունդը իր սնարին մէջ խեղդելու մէկ ու միակ ուղի կայ, որ սադրանքի, հրձիգութեան ու մեքենայութեանց որոգայթն է՝ հայկական յեղափոխութիւնը դուրս բերելու համար իր անպարտելի ուժին գլխաւոր հունէն, խաղաղ եւ սահմանադրական ճամբով ժողովուրդին կամքը գերիշխան դարձնելու հաստատակամութենէն։
Սերժ-սարգսեանական հակայեղափոխական ուժերը պարզապէս իրենց բախտը կը փորձեն եւ կը սպասեն յարմար պահուն, որպէսզի կարենան ճեղք բանալ խաղաղ եւ օրինապահ բողոքի շարժումին մէջ՝ բախումներ եւ մինչեւ իսկ արիւնահեղութիւն հրահրելով։
Հայրենիքն ու սեփական պետութիւնը կրակի տալու գնով իշխանութեան ղեկին կառչած մնալու այդօրինակ վարքագիծը միշտ ալ բնորոշած է սեփական ժողովուրդի հաշուոյն յղփացող մակաբոյծներն ու վնասակար ցեցերը՝ բոլոր ժամանակներու եւ բոլոր միջավայրերու մէջ։
Իսկ հայ ժողովուրդը ահա մէկուկէս դարէ ի վեր կը դիմագրաւէ միեւնոյն պատմական չարիքը։ Ամէն անգամ, որ արտաքին ոսոխին եւ Հայաստանի ու հայութեան սպառնացող թշնամի ուժերուն դէմ անհաւասար կռուի կը նետուի՝ ակամայ կը պարտաւորուի ժամանակ առ ժամանակ ցախաւելը ձեռք առնելու, հայ իրականութիւնը մաքրելու իր կեանքն ու կամքը կրծող ներքին ցեցերէն։
Հին Հայաստանի դառն ու տխուր էջը վերջապէս փակելու այսօրուան իր հպարտութեան եւ խանդավառութեան մէջ՝ մեր ժողովուրդը դարձեալ դէմ յանդիման կանգնած է ներսէն իր դիմադրականութիւնն ու մարտունակութիւնը խոցել փորձող տարրերէն ձերբազատուելու հրամայականին։
Նոր Հայաստանը եւ վերածնեալ հայկական յեղափոխութիւնը այս վերջին շաբաթներուն իրենց մէջ յայտնագործեցին եւ ամրագրեցին բաւարար եւ անհրաժեշտ ուժը՝ օրինական եւ խաղաղ, անզէն եւ համերաշխ ըմբոստացումով ուղի հարթելու մեր սերունդներուն առջեւ։
Հորիզոն բանալու նաեւ ու մանաւանդ աշխարհով մէկ ժողովրդավարական յաղթարշաւով արմատական բարեկարգումի առաջնորդող կարելի եւ յաղթանակած օրինակ փնտռող բոլոր իրաւազրկեալներուն առջեւ։
Կ’ուզէի Ն. Պէրպէրեանին յիշեցնել հետևեալը.
Իմ Վէպ Անգիր
Ես գերին եմ աչքերուդ ծովական բով տարածքին,
Ու կը յածի անհանգիստ, սիրատոչոր իմ հոգին,
Կոհակներուդ հմայիչ շղարշին տակ ոսկեզօծ,
Զոր հիւսեցի թել առ թել, ես` սիրտ վարար, սիրավառ,
Ես` աճող բոց…
Հեռուներէն անտարբեր մինչ կը ժպտիս դուն ինծի,
Առանց երբեք զգալու հուրը սրտիս տարփաւոր,
Զոր փորձեցի ես վառել կախարդանքով երազի,
Աչքերուդ մէջ խոր…
Ես գերին եմ աչքերուդ լայնատարած ոլորտին,
Ուր խորասոյզ կ՛որոնեմ էութիւնը քու սրտին,
Զոր պարփակած են ահա թարթիչներդ սեւածիր,
Իմ վէ՜պ անգիր…
Կեդրոնին մէջը որուն մարգարիտի մը նման
Կը խայտայ ակը անգին քու սիրածուփ էութեան,
Սէ՜ր կախարդական…
Ես գերին եմ աչքերուդ սիրոյ բոցով լիալիր,
Իմ վէ՜պ անգիր…
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ