ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի մրցանակաբաշխութեան եւ գնահատանքի տարեկան երկրորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Մայիս 3ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ռենըսանս» սրահին մէջ։
Ձեռնարկը առիթ մըն է մեծարելու շարք մը անձնաւորութիւններու եւ տեղական կազմակերպութեան մը իրագործումներն ու սպասարկութիւնները, որոնք նպաստած են հայ համայնքին եւ Կլենտէյլ քաղաքին:
Մեծարեալներու շարքին են՝ Կլենտէյլի «Քիուանիս» ակումբը («Մարիա Ճէյքըպսըն Մարդասիրական մրցանակ»), Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտի Քասախեան («Ուուտրօ Ուիլսընի Հանրային Սպասարկութեան մրցանակ») եւ Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Արմինէ Յակոբեան («Կեանքի Մը Իրագործումներու մրցանակ»)։
Միջազգային «Քիուանիս» ա-կումբի Կլենտէյլի մասնաճիւղը հիմնուած է 1922ին։ Անիկա կարօտեալներուն օժանդակութիւններ տրամադրող կազմակերպութիւն մըն է, որ բաղկացած է գործարարներէ, քաղաքացիական, կրթական ու համայնքային կազմակերպութեանց ղեկավարներէ եւ այլ արհեստավարժներէ: Կազմակերպութիւնը օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ յատկապէս կարօտեալ երեխաներու, երիտասարդներու, տարեցներու եւ անտեսուած հաւաքականութեանց, ինչպէս նաեւ ոչ-շահաբեր կազմակերպութիւններու: Անիկա ունի մօտաւորապէս 180 կամաւոր անդամներ, որոնք բարեսիրական շարք մը սպասարկութիւններ կը մատուցեն համայնքին։
Արտի Քասախեան ծնած է Պոսթըն, 1976ին, իսկ աւելի ուշ ընտանիքին հետ Կլենտէյլ հաստատուած է՝ յաճախելով քաղաքի հանրային նախակրթական, միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանները, իսկ համալսարանական ուսումը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն՝ Պսակաւոր արուեստից վկայական ստանալով պատմութեան ճիւղին մէջ։ Ան հանրային քաղաքականութեան եւ վարչութեան մարզին մէջ Մագիստրոսի վկայանին արժանացած է Իլինոյի «Նորթուեսթըր» համալսարանէն։ Քաղաքական ասպարէզի նկատմամբ անոր հետաքրքրութիւնները համալսարանական տարիներուն սկսած են զարգանալու, եւ 2001էն 2004ի միջեւ եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավարը: Քասախեան առաջին անգամ 2005ին ընտրուած է Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար՝ հանդիսանալով այդ պաշտօնը ստանձնող ամենաերիտասարդ անձը: Ներկայիս, ան այս պաշտօնին վրայ իր 4րդ պաշտօնավարութեան շրջանին մէջ կը գտնուի, իսկ 2016ին փորձած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ ընտրուիլ՝ ներկայացնելու համար 43րդ ընտրաշրջանը։ Ան ոչ միայն իր կեանքը նուիրած է հանրային սպասարկութեան մարզին, այլեւ իր պաշտօնին պահանջածէն աւելին կատարած է՝ քաղաքին մէջ ժողովրդավարութեան սկզբունքները եւ ընկերային արդարութիւնը պաշտպանելու համար: Քասախեան կենսական դերակատարութիւն ունեցած է քաղաքի քարտուղարի գրասենեակի գործունէութիւնը արդիականացնելու աշխատանքին մէջ՝ քաղաքական կեանք ներգրաւելով մեծաթիւ քուէարկողներու մասնակցութիւն, շեշտը դնելով քաղաքացիին միշտ հասանելի դառնալու, ինչպէս նաեւ արդի արհեստագիտութեան ու կրթութեան զարկ տալու կարեւորութեան վրայ: Քասախեան իր յաջողութիւնները եւ իր իրագործումները կը վերարգէ իր ծնողքին, ինչպէս նաեւ կնոջ, բարեկամներուն եւ համակիրներուն ցուցաբերած աջակ-ցութեան:
Դոկտ. Արմինէ Յակոբեան, որ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է 1969ին, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին օրինակելի ներդրումներ ունեցած է մեր համայնքի բարգաւաճման համար տարուած աշխատանքներուն, միաժամանակ նուիրուելով հանրային սպասարկութեան մարզին: Ան ներկայիս Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի հոգաբարձութեան ատենապետն է եւ անոր անդամակցած է 2001էն ի վեր: 45 տարիներու փորձառութիւն ունի կրթական մարզէն ներս եւ միշտ եղած է համայնքի գործօն անդամ մը:
Պսակաւոր արուեստից վկայականին կողքին, Արմինէ Յակոբեան ապահոված է մագիստրոսական երկու տիտղոսներ, դասաւանդման եւ վարչական մարզի վեց վկայագիրներ, ինչպէս նաեւ դոկտորի տիտղոս՝ կրթական մարզի առաջնորդութեան ու վերահսկողութեան ճիւղերուն մէջ: Ան շարք մը պաշտօններ ստանձնած է Կլենտէյլի, Լոս Անճելըսի եւ Պըրպենքի կրթաշրջաններու վարժարաններու, ինչպէս նաեւ շարք մը համալսարաններու մէջ, միաժամանակ կրթական խորհրդատուութիւն կատարած ու վարկաւորման մարմիններու եւ դոկտորականներու յանձնախումբերու անդամակցած: Ան 1998ին նաեւ հաստատած է կազմակերպական եւ վարչական խորհրդատուութեանց գրասենեակ մը։ Դոկտ. Յակոբեան մեծարուած է Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդին, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներու, ինչպէս նաեւ շարք մը կազմակերպութեանց կողմէ՝ իր իրագործումներուն համար: Ան աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր անդամ է Արեւմտեան թեմի Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի վարժարաններու շրջանային մարմինին, ՀՕՄին, Կլենտէյլի քաղաքացիական ղեկավարներու Կլենտէյլ-Պըրպենքի Կին քուէարկողներու միութեան եւ շարք մը այլ կազմակերպութեանց:
Արմինէ Յակոբեան ամուսնացած է Վահէ Յակոբեանի հետ, որուն ծանօթացած է ՀԵԴի շարքերէն ներս։ Ամոլը համահիմնադիրներէն է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործելու սկսած հայկական վարժարանին, որ ապագային վերածուեցաւ Թիւֆէնքեան եւ Շամլեան Ազգ. վարժարաններուն: Վահէ եւ Արմինէ Յակոբեանները ունին երկու դուստրեր եւ հինգ թոռներ, որոնք կը յաճախեն Թիւֆէնքեան եւ Շամլեան Ազգ. վարժարանները: Դոկտ. Արմինէ Յակոբեանը կրթական մարզէն ներս իր իրագործումները կը վերարգէ իր ծնողքին: Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած իր հայրը՝ Սագօ Շատախունի, երկար տարիներով եղած է ՀՅԴի անդամ, իսկ մայրը՝ Անելկա Կորտեան, աւելի քան յիսուն տարիներու ծառայութիւն մատուցած է ՀՕՄին միջոցաւ:
Ինչպէս նախապէս հաղորդած ենք, ձեռնարկին ընթացքին Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի «Համայնքային Սպասարկութեան Մրցանակ»ը պիտի ստանայ Սեդա Խոջայեան, «Հայ Դատի Մրցանակ»ը պիտի շնորհուի Իսահակ Գազանճեանին, իսկ «Երիտասարդ Գործիչի Մրցանակ»ը՝ Լիլիթ Բազիկեանին եւ Շանթ Էօլմէսէքեանին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց, տոմսեր ապահովելու կամ հովանաւորութեան կարելիութիւններուն ծանօթանալու համար, այցելել www.ancaglendale.org/award2018 կայքէջը: