Գիւմրի-Երեւան գնացքը Չորեքշաբթի, 2 Մայիսին փակ մնաց: Այս մասին, ըստ «Ազատութեան», յայտնեց «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան տեղեկատուական գրասենեակը՝ նշելով, որ ցուցարարները փակեցին երկաթուղին:
Նշենք, որ Ազգային ժողովի քուէարկութենէն ետք, Երեքշաբթի օր, Փաշինեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած բազմամարդ հանրահաւաքին ընթացքին կոչ ըրաւ՝ առաւօտեան վերսկսելու քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւնները: