ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրատան նախաձեռնած Հայկական շարժապատկերի ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, շարժապատկերի յաջորդ ցուցադրութիւնը, որ Սարգի Մուրատեանի «Սասունի Զաւակներ» ֆիլմի (1975) անգլերէն տարբերակին նուիրուած է, տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Մայիս 4ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ։
Գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA, 91205, իսկ մուտքը ազատ է: Տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.itsmyseat.com/abrilbooks կայքէջը, կամ դիմել (818) 243-4112 թիւին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել noor@abrilbooks.com, armenkaraoghlanian@yahoo.com հասցէներուն, կամ՝ (818) 243-4112 թիւին: