ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանի հետ: Հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Փաշինեան յայտարարեց, որ աշխատանքային քննարկում ունեցան: «Իրադարձութիւններու զարգացման որեւէ սենարի (բեմագրութեան-Խմբ.) մենք պատրաստ ենք», ըստ «Երկիր Մեդիա»ի՝ յայտարարեց ան:
Անդրադառնալով փոխվարչապետի պաշտօնին համար Խաչատուր Սուքիասեանի անունի շրջանառութեան վերաբերեալ՝ Փաշինեան ըսաւ. «Ես կրնամ հաւաստիացնել, որ կառավարութեան մէջ սակաւապետներ (օլիգարխ) պիտի չըլլան:
Հարցումին, թէ Մարտ 1ի դէպքով վրիժառութիւն պիտի չըլլա՞յ. ան շեշտեց, որ արդէն ըսած է, որ ոչ մէկ հարցով վրիժուռութիւն պիտի ըլլայ: Ան աւելցուց, որ «խաղի կանոնները» պարզ պիտի ըլլան բոլորին, իսկ ատիկա օրինականութիւնն է: Հարցումին, թէ քննութիւններ պիտի ըլլա՞ն, ան արձագանգեց, որ հանրութիւնը պիտի ստանայ իր բոլոր հարցերուն պատասխանները:
«Այն մթնոլորտը, որ այսօր կայ Հայաստանի մէջ, պէտք չէ խաթարուի, բայց անիկա պէտք է նշանակէ, որ խնդիրները օրէնքով պիտի լուծուին»
Վարչապետի թեկնածուն յիշեցուց իր յայտնի յայտարարութիւնը, որ 8 Մայիսէն սկսեալ մենաշնորհներ պիտի չըլլան: