ԵՐԵՒԱՆ.- Մենք կրնանք վստահեցնել, որ մեր մասնակցութիւնը պիտի բերենք 8 Մայիսի վարչապետի ընտրութիւններուն. Ազգային ժողովի ճեպազրոյցներու ժամուն յայտարարեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
Հարցումին, թէ ՀՀԿն իր խոստումին հաւատարիմ կը մնա՞յ, թէ նախորդ անգամուան նման կրնայ պատահիլ. Ռուստամեան պատասխանեց, որ երկրորդ անգամ ալ յայտարարած է, թէ իր հեռանկարը ունենալու առումով՝ քաղաքական ուժի մը համար վտանգաւոր է կատարել բոլորովին այլ բան:
Ան նշեց, որ չի կարծեր, թէ այս պահուն արտահերթ ընտրութիւնները կը բխին ՀՀԿի շահերէն: «Եթէ իրենց յայտարարութենէն դուրս քայլ առնեն, ի՞նչ ռեսուրսներով կը մասնակցին արտահերթ ընտրութիւններուն: Ռէյտինգայինն ալ չ՛օգներ: Բոլորին շահերէն կը բխի, որ տեղի ունենայ վարչապետի ընտրութիւն, եւ Նիկոլ Փաշինեանը ընտրուի: Այս է միակ ճիշդ լուծումը», ըսաւ պատգամաւորը:
Ռուստամեան ընդգծեց, որ կայ ժողովուրդի յստակ պահանջ, որուն պէտք է գիտակցին քաղաքական ուժերը՝ անկախ անկէ, թէ ո՛վ ձեւաւորած է այդ պահանջը: «Ոչ մէկ այլ լուծում ժողովուրդը պիտի չընդունի: Պէտք չէ աւելորդ մարտավարական տրամաբանութեան մէջ տեղափոխել հարցերը: Այն, ինչ տէ ֆակտօ (իրկանապէս-Խմբ.) կայ, տէ իւրէ (իրաւապէս-Խմբ.) պէտք է արձանագրել», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով արտահերթ ընտրութիւններու ժամկէտներուն՝ Ռուստամեան նշեց, որ ինքնանպատակ ժամկէտ նշելը ճիշդ չէ: «Քանի մը քայլեր պէտք է առնուին, որ այդ ընտրութիւնները կասկածի տակ չդրուին: Ընտրական օրէնսգիրքը, նախ եւ առաջ, պէտք է փոխուի, սարքաւորումները պէտք է դրուին բոլոր ընտրատեղամասերուն մէջ, որ կրկնաքուէարկութիւնները բացառուին: Առաջին քայլերէն մէկը պէտք է ըլլայ այն, որ վարչապետին լիազօրութիւնները պէտք է նվազեցուին: Հաւասար պայմաններ պէտք է ստեղծուին, որ բոլոր ուժերը հաւասար պայմաններով ներկայացուին ընտրութիւններուն», յայտարարեց ան:
Հարցումին, թէ արդեօք ՀՅԴն չունի կառավարութեան մաս կազմելու ակնկալիք. Ռուստամեան պատասխանեց, որ իրենք նման ակնկալիք չունին, բայց կ՛ուզեն, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը յաջողի եւ լուծէ իր առջեւ դրուած հարցերը: «Մեր բոլոր կարողութիւններով պիտի աջակցինք, որ այդ մէկը յաջողի», նշեց ան:
Ռուստամեան նաեւ նշեց, որ ինք ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն ստեղծելը տրամաբանական կը համարէ: Հարցումին, թէ ինք անձամբ ինքզինք կը տեսնէ՞ կառավարութեան մէջ՝ ան ըսաւ. «Անձամբ ես չեմ յաւակնիր եւ չեմ պատրաստուած մտնելու կառավարութեան կազմին մէջ, բայց մենք չենք պատրաստուիր մինակ թողելու Նիկոլ Փաշինեանը»:
Ըստ Ռուստամեանի՝ եթէ նոր կառավարութիւնը արդար Հայաստան կ՛ուզէ, անոր լուծումը ճիշդ քատրային քաղաքականութիւնն է: