ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Համաժողովրդական շարժումը եւ Հայաստանի մէջ ընթացող քաղաքական զարգացումները փորձութիւն էին քաղաքական ուժերուն համար: Այդ փորձութիւնը, ըստ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանի, Դաշնակցութիւնը արժանապատուօրէն յաղթահարած է: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ կուսակցութեան շարքերէն ներս եւս չէին կրնար տարակարծութիւններ չըլլալ:
«Ժողովրդական շարժման սկզբից էլ Դաշնակցութիւնն արձանագրել էր՝ երկրում առկայ է խորքային եւ որակական փոփոխութիւնների յստակ համաժողովրդական պահանջ: Դա բաւարարելու ու իրավիճակն առանց ցնցումների լուծելու համար կուսակցութիւնը բազմիցս հանդէս եկաւ քաղաքական երկխօսութեան գնալու առաջարկով: Դրանց յաջորդեց նաեւ քաղաքական կոալիցիայից դուրս գալու, ժողովրդի թեկնածուի շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերելու, յետոյ արդէն վարչապետի ընտրութիւններում Փաշինեանին սատարելու մասին յայտարարութիւնները», կը տեղեկագրէ «Երկիր»ը: